«ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԷՆ ՀԱՒԱՍԱՐ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԸԼԼԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Սէն Ժոզեֆ համալսարանի մարմնակրթութեան նորակառոյց հիմնարկի բացման եւ այս առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան նշեց, որ պետութեան հիմնումը տակաւին խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի:

Ան ըսաւ, որ նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը գրեթէ բոլոր մարզերուն վրայ բեռ դարձած է:

Նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ նաեւ, որ հակառակ այն իրականութեան որ Լիբանան կը պարծենայ սահմանադրական ժամկէտները եւ գործընթացը յարգելու իր յատկութեամբ, լիբանանցիները այդ իմաստով ձախողութիւն արձանագրած են, որովհետեւ այդ ազատութիւնները ժողովրդավարութեան ճշգրիտ կանոններով չեն գործադրած:

Անդրադառնալով ներքին գործոց նախարարութեան տագնապին, նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարը պէտք է բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ ըլլայ` աւելցնելով, որ այս իմաստով եւ յատկապէս ընտրութիւններուն ընթացքին Լիբանան ունեցաւ փայլուն եւ յաջող փորձառութիւն մը, որմով մենք կը հպարտանանք:

Միւս կողմէ, երէկ Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց իրաւաբաններու լիբանանեան-ֆրանսական միացեալ պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Ամալ Հատտատի եւ իրաւաբաններու Փարիզի սենտիքայի նախագահ Ժան Քասթելանի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան ժողովրդավար երկիր է եւ կը գործակցի այդ երկիրներուն հետ, որոնցմէ է Ֆրանսան, ուր մարդկային իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, ընդհանուր ազատութիւններն ու արդարութիւնը կը յարգուին եւ ծայրայեղութիւնն ու ահաբեկչութիւնը կը ճնշուին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ Լիբանան կը գործէ իւրայատուկ ժողովրդավարութեամբ մը, որն է համախոհական ժողովրդավարութիւնը, որուն շնորհիւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը մասնակցին երկրին քաղաքական գործունէութեան:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ իրաւաբանական առումով Լիբանան կը գործադրէ աւանդութիւնները, սակայն միաժամանակ կը գործադրէ քաղաքացիական կանոնները:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանան բուռն պայքար մղած է պահպանելու համար իր համախոհական ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունեց երկու սենտիքաներուն միջեւ ստորագրուած գործակցութեան արձանագրութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի մէջ Եւրոպայի կցորդ Քաթրին Ֆիրլինկը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի:

Ֆիրլինկ նախագահ Սլէյմանի յայտնեց, թէ Եւրոպական խորհրդարանը շահագրգռուած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն հարցերով եւ ընդգծեց, որ խորհրդարանը այս իմաստով որոշ քայլերու պիտի դիմէ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի համաձայնագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES