Հայ Թերթն Ու Հայ Ուսանողը
Հայ թերթը կարեւոր գործօն է լիբանանահայ աշակերտի եւ ուսանողի ազգային-գաղափարական պատրաստուածութեան իմաստով: Այս իրականութենէն մեկնած` հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Հայ աւետարանական քոլեճի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներուն եւ լիբանանահայ քաղաքական օրաթերթերու խմբագիրներուն ու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայ թերթի կարեւորութեան վրայ` զանազան բնագաւառներու մէջ: Ան յիշեցուց, որ վարժարանը միշտ կը քաջալերէ հայ մամուլը` նկատի առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը: Տնօրէնին համաձայն, լիբանանահայ թերթերը աշխատանք կը տանին զարգացնելու ազգային-գաղափարական միտքը` հայ երիտասարդին մօտ:
Տնօրէնի բացման խօսքէն ետք դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան աշակերտութեան կողմէ եղած հարցումները ուղղեց «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին ու «Արարատ» օրաթերթի քաղաքական լուրերու բաժնի պատասխանատու Շիրազ Ճէրէճեանին: Հարցումները կեդրոնացան արդի եւ արհեստագիտական նորարարութիւններով լեցուն աշխարհին մէջ ընդհանրապէս` մամուլի եւ մեր պարագային մասնաւորապէս` հայկական մամուլի կարեւորութեան վրայ:
Հիւրերը աշակերտներուն ներկայացուցին մամլոյ ընտանիքին մաս կազմելու իւրայատկութիւնը, նշեալ ասպարէզէն գործնական եւ հոգեկան բաւարարուածութիւն ստանալու նշանակութիւնը, համացանցային նորութիւններէն օգտուելու կարելիութիւնները, լիբանանահայ գաղութին մէջ հայկական օրաթերթերու ազդեցիկ եւ կարեւոր ներկայութիւնը, մանաւանդ այն, ինչ կը վերաբերի ազգային-գաղափարական յօդուածներու եւ նիւթերու տարածման: Հիւրերը դիտել տուին, որ հակառակ լիբանանեան քաղաքական հարցերու շուրջ տարակարծութեան, համահայկական երեք կուսակցութիւններու բանբերը նկատուող լիբանանահայ երեք օրաթերթերը ընդհանուր առմամբ կը գտնուին մէկ ճակատի վրայ, երբ հարցերը կը վերաբերին Ցեղասպանութեան ճանաչման, պահանջատիրութեան, Հայաստան հայրենիքի հզօրացման ու արցախեան հիմնախնդիրի լուծման թեմաներուն: Անոնք մասնաւորապէս անդրադարձան թերթին միջոցով հայոց լեզուին, հայկական մշակոյթին, ինքնութեան ու ընդհանրապէս հայկականութեան կառչած մնալու կարելիութեան, միաժամանակ նշում կատարելով թերթերու դիմագրաւած խնդիրներուն` արհեստագիտական զարգացում, երիտասարդ մարդուժի պակաս, անդադար աշխատելու անհրաժեշտութիւն: Աշակերտները նաեւ ուզեցին իմանալ հիւրերուն` «օրինակելի թերթի» պատկերացումները:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցան օրաթերթերէն եւ անոնց բացառիկ հրատարակութիւններէն օրինակներ:

