Գոռ Մալաքեանի Վիրաբուժութիւնը Անցաւ Յաջող
Իր լուրը քաղելով Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութենէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ակումբին 18 տարեկան միջնապահ Գոռ Մալաքեանի վիրաբուժութիւնը անցած է շատ յաջող:
Մալաքեան, որ երէկ Գերմանիոյ մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, յայտնեց. «Վիրաբուժութիւնը անցաւ շատ յաջող եւ ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ: Կը կարծեմ, որ տասը օր ետք կրնամ վերսկսիլ փորձերուս, որովհետեւ բժիշկները այդպէս ըսին: Այժմու դրութեամբ հիւանդանոցն եմ, սակայն 15 մարտին արդէն իսկ կ՛ըլլամ Երեւան»:
CATEGORIES Մարզական

