Էն. Պի. Էյ. Մայեմի Հիթի 20-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 11 հանդիպումներ:
Մայեմի Հիթ արձանագրեց իր 20-րդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով վերջին դիրքերուն վրայ գտնուող Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը:
Լեպրըն Ճէյմս ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 27 կէտ, 8 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քոպի Պրայընթ (31), թէեւ անոր կազմը 96-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլանթա Հոքսէն: Տեւին Հերիս (Հոքս) նշանակեց 17 կէտ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Օքլահոմա Սիթի, որ 110-87 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզի: Քեւին Տիւրընթ ի նպաստ Օքլահոմայի նշանակեց 23 կէտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ 94-98
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս 106-93
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 107-91
Պոսթըն Սելթիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 112-88
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 96-92
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆէոնիքս Սանզ 111-81
Օքլահոմա Սիթի – Եութա Ճեզ 110-87
Սաքրամենթօ Քինկզ – Շիքակօ Պուլզ 121-79
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Եորք Նիքս 117-94
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 85-96
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 105-97
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Եորք Նիքս

