Հանդիպում – Զրոյց` Մէյ Խալիլի, Էլիաս Աունի Եւ Մարզական Լրագրողներու Միջեւ
Հովանաւորութեամբ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի, ներկայութեամբ սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտինի եւ Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլի եւ փոխնախագահ Հասսան Ռըսթոմի, տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը մարզական լրագրողներու միջեւ, սենտիքային նստատեղիին մէջ` Հազմիէ:
Այս հանդիպում-զրոյցը կ՛իյնայ Պէյրութի Մարաթոնի միութեան հիմնադրութեան 10-րդ տարեդարձը նշելու պատրաստութիւններուն ծիրին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ մարզական մամուլին, որ միշտ կը զօրակցի Մարաթոնի միութեան կատարած վազքի մրցումներուն եւ կը նպաստէ անոնց լուսաբանումին:
CATEGORIES Մարզական

