Միհայիլ Մարքոսով Բացակա՞յ` Չեխիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն
Ռուսական Ուֆա խումբին մաս կազմող յառաջապահ Միհայիլ Մարքոսով, որ նկատի առնուած է յառաջիկայ 26 մարտին տեղի ունենալիք Հայաստան – Չեխիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին նախապատրաստական հաւաքին հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն ընդլայնուած ցանկին մէջ, թեթեւօրէն վնասուածք ստացաւ վերջերս տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանին, երբ բախում մը ունեցաւ Սիպիրի մէկ մարզիկին հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մարքոսով ըսաւ, որ իր առողջական վիճակը համեմատաբար աւելի լաւ է, սակայն բժիշկները ըսած են, որ Մարքոսով ուղեղի թեթեւ ցնցումի ենթարկուած է:
Իր խօսքին մէջ Մարքոսով ըսած է. «Կոտրուած է նաեւ քիթս եւ որոշակի ցաւեր ունիմ կոնքիս շուրջ: Առայժմ յստակ չէ, թէ որքա՛ն ժամանակ կը պահանջուի ապաքինումիս համար: Ճիշդ այդ պատճառով դժուար է ըսելը, թէ արդեօք հաւաքականին կրնա՞մ միանալ, թէ՞ ոչ»:

