ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 17 Մարտին` Փինկ Փոնկի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած փինկ-փոնկի մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 17 մարտ, 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Մրցումները պիտի սկսին ճիշդ ժամը 1:00-ին: Մասնակցող աշակերտները պայման է, որ կէսօրուան ժամը 12:00-ին ներկայ ըլլան մարզադաշտ` ստուգման եւ վիճակաձգութեան համար:

Յ. Գ.- Ուշացող աշակերտներուն պիտի արգիլուի մասնակցիլ մրցաշարքին:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)

 

Share this Article
CATEGORIES