«Ազդակ»-Ի 79-րդ Մամլոյ Լսարան. «Հայը Իր Հողին Վրայ Պահողը Յոյսն Է, Որուն Հէնքը Ազգային Գաղափարախօսութիւնն Է» Յայտնեց Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

(Լուսանկարները` PHOTO LUNA-ի)

«Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 79-րդ լսարանի ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 14 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, լիբանանահայ երէց թէ երիտասարդ մտաւորականութիւնն ու մեծ թիւով ազգայիններ ներկայ եղան շահեկան զեկուցական հանդիպումի մը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հրակ Աւետանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ օրուան նիւթին, որ կը կեդրոնանայ Հայաստան – սփիւռք յարաբերութեանց վրայ:

«Յատկապէս անկախութենէն ետք, Հայաստան – սփիւռք յարաբերութիւնները փոփոխութիւններ կրած են», շեշտեց Աւետանեան` նշելով, որ զանազան ազդակներ դերակատար եղած են այդ փոփոխութեան, ուր սակայն Հայաստան – սփիւռք համահայկական համախմբումն ու մանաւանդ որոշումները էական են: Ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին:

Հրակ Աւետանեան

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Դոկտ. Յովսէփեան աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ Հայաստան – սփիւռք յարաբերութեանց մասին` պատմական յետադարձ ակնարկով հասնելով մինչեւ մեր օրերը:

ՀՅԴ-ի գաղափարախօսներէն` տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին վերագրելով իր բառերը, դոկտ. Յովսէփեան նշեց, որ 1932-ը իբրեւ անկիւնադարձային կարեւոր թուական կը նշուի, երբ Միացեալ Նահանգներ Ռուզվելթ նախագահի օրով ճանչցաւ Խորհրդային Միութիւնը` նոր էջ մը բանալով սփիւռքի պատմութեան հոլովոյթին մէջ: Մինչ այդ, Խորհրդային Միութեան հաւանական փլուզումին բերումով Խորհրդային Հայաստանի վերանկախացումը յուսացող հայ քաղաքական մտածողութիւնը ընթացաւ նոր ուղղութեամբ: Յատկապէս դաշնակցական ղեկավարներ գործուղուեցան կազմակերպելու սփիւռքը, ինչպէս` Գարեգին Նժդեհի ուղեւորութիւնը դէպի Միացեալ Նահանգներ` կազմակերպելու տեղւոյն հայ երիտասարդութիւնը:

Սփիւռքի կազմակերպման մտապատկերին գծով կային երկու օրինակներ. Հրէական մօտեցումի օրինակը, որ 1948-ին Իսրայէլի պետութեան հիմնումէն ետք կը ձգտէր զարկ տալ այդ պետութեան վերելքին` առաւելաբար օգտագործելով արտասահմանի (հրէական Սփիւռքի) մարդուժն ու անոր կարելիութիւնները: Իսկ երկրորդ օրինակը պաղեստինեան կեթոյական կղզիացած վիճակն էր, ուր պաղեստինցիներուն ղեկավարները կը փորձէին տեղայնացումէ հեռու` նուազագոյն տարողութեամբ «հաստատուիլ» եւ գոյատեւել արտասահմանի մէջ, որպէսզի հետագային դիւրին ըլլայ պաղեստինցիներու տունդարձը:

Հայկական սփիւռքի պարագային վերոյիշեալ երկու օրինակներու, տարազներու տեսակ մը խառնուրդն էր, որ «որդեգրուեցաւ»: Աւելի՛ն. սփիւռքը տակաւին ունէր եւ ունի իր «ենթասփիւռքները», ենթահամայնքները, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու հայութեան պարագային:

Բանախօսը շեշտը դրաւ Հայաստան – սփիւռք միասնականութեան վրայ, որ առանց գաղափարական միասնականութեան` շատ դժուար պիտի ըլլայ իրագործել: Ան նշեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական համագումարի պարագան, որ 1960-ական թուականներուն ճամբայ ելած էր, սակայն հետագային դարձած էր միակողմանի խմբակցութեան պաշտպան` դուռ բանալով անոր զանազան միաւորներու հեռացումին:

Դոկտ. Յովսէփեան այս գծով շեշտեց Հայաստան – սփիւռք կամրջումի անհրաժեշտութիւնը` գէթ գաղափարական հարցերու գծով համազգային կեցուածք որդեգրելով: «Հայաստանի ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունեցող զգացումները, մօտեցումները անպայման չեն արտայայտեր Հայաստանի ղեկավարութեան մօտեցումները», ընդգծեց Յովսէփեան` նշելով, որ Հայաստանի պետութեան եւ Հայաստանի ժողովուրդի ըմբռնումները նոյնը չեն: Այս ծիրին մէջ ան նշեց հիմնական առաջնահերթութիւններ, ինչպէս`

– Ենթակայական համազգային խնդիրներ յառաջ քշուին: Մշակութային յարաբերութիւններու ճամբով համազգային խնդիրներ յառաջ քշուին:

– Քաղաքական կուսակցութիւններ գործի անցնին եւ ստեղծեն ազգային գաղափարախօսութեան հիմքը: Այս իմաստով ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութիւնը ունի իր մէջ տուեալներ, զորս կարելի է հետագային հանրաքուէի ճամբով յառաջ քշել, տեղ հասցնել եւ մեր առաջնահերթութիւնները ճշդել:

«Ազգային մեր գաղափարական միասնութիւնը կա՛յ, պատրաստ է, բայց ուղղակի պէտք է մեքանիզմը, հոլովոյթը ճշդել», ընդգծեց դոկտ. Յովսէփեան` նշելով այս գծով ամերիկեան «երկկողմանի դիւանագիտութեան» տեսութիւնը (Թրաք Թու Տիփլոմըսի), ուր հայ-թրքական գաղափարական ուղղակի մերձեցման դժուարութեան լոյսին տակ, ամերիկացիք փորձեցին հայ-թրքական մշակութային կապերու «զարգացման»` Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու ձախողութենէն ետք:

««Կարծրատիպերէն անդին, հրաւէրներէն, լոզունգներէն անդին, անհրաժեշտ է փշրել թապուները»», շեշտեց Յովսէփեան` կրկին ընդգծելով Հայաստան – սփիւռք համազգային գաղափարախօսական միասնութիւնը:

Այս գծով ան իբրեւ օրինակ նշեց «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի խմբագիր Յարութ Սասունեանի տեսակէտը, ըստ որուն, սփիւռքը պէտք է իր կառոյցները ունենայ, որոնք հաւասարապէս յարաբերին Հայաստանի պետական շրջանակներուն հետ, եւ այս` որպէսզի Հայաստան – սփիւռք յարաբերութիւնները բնականոն ընթացք ստանան:

Այս ծիրին մէջ դոկտ. Յովսէփեան նշեց, որ ինք հարցազրոյցի մը առիթով Հայաստանի մէջ եւս այս հարցը արծարծած էր` շեշտը դնելով մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն ճշդման վրայ ու զանոնք «հռչակագիրով» մը ներկայացնելու ժողովուրդին: Ի պատասխան անոր այս առաջարկին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան դոկտ. Յովսէփեանին յղած է նախապէս սփիւռքեան կարգ մը միաւորներու կողմէ պատրաստուած մէկ «հռչակագիր»-ին պատճէնը, որ «հիանալի վաւերաթուղթ մըն էր», ըստ դոկտ. Յովսէփեանին:

Զեկուցումէն ետք տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին ի պատասխան «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ինչ էր ՀՅԴ-ի քարոզչական մեքենային դերը անցնող 20-ամեակին, Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան տարածման գծով, յատկապէս Խորհրդային Միութեան աւելի քան 70-ամեայ գաղափարախօսութիւնը փոխելու եւ «բաց»-ը լեցնելու իմաստով, դոկտ. Յովսէփեան իր խոր համոզումը յայտնեց, որ Հայաստանի ժողովուրդը խորապէս կը հաւատայ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան` նշելով, որ կարելի է, ըստ առիթի եւ կարիքի, ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան վայելած այդ վարկը վերածել քաղաքական դրամագլուխի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )