«Ազդակ»-ի Ժիրայր Պուտագեան Մամլոյ Ուսումնասիրութեան Կեդրոն»-ը Այսօր Կը Բանայ Իր Դռները Հանրութեան Առջեւ
Այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ բացման հանդիսութիւնը «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին:
Կեդրոնը կոչուած է նախ եւ առաջ թուայնացնելու «Ազդակ»-ի 85-ամեայ հաւաքածոն: Համակարգչային համապատասխան ծրագիրները պիտի օժտեն թուայնացուած տարբերակները որոնողական համակարգով, որպէսզի ուսումնասիրողին համար մատչելի ըլլայ տուեալ նիւթին մասին նիւթերու փնտռտուքը:
Կեդրոնին հետ կապուած ծրագիրներուն մասին մեր ընթերցողները կը ծանօթանան ժամանակի ընթացքին` առաջին հիմնական գործառոյթի իրականացման զուգահեռ:
Այս կեդրոնը իրականացաւ շնորհիւ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեանին, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան հայ մամուլին եւ «Ազդակ»-ի ծրագիրներուն: 2005-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատունը ի յիշատակ Սարգիս Պուտագեանի հօր` Մինաս Պուտագեանին ամբողջովին վերակառուցելէ ետք, այսօր ի յարգանս իր հօրեղբօր` Ժիրայր Պուտագեանին, յարգարժան նուիրատուն կը ստանձնէ այս կեդրոնին եւ այս կեդրոնին կապուած ծրագիրներուն հովանաւորութիւնը:

