Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԷԿ առաւօտեան ձախողութեամբ պսակուեցաւ Երկրագործութեան մարզի հետազօտութեանց գրասենեակի նախագահ Միշել Աֆրամի առեւանգումի փորձը, որ կատարուեցաւ Զահլէի մէջ: Ան կրցաւ փախուստ տալ առեւանգողներէն եւ ուղղուեցաւ ոստիկանատուն` իր վկայութիւնը արձանագրելու:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանը երէկ ի բացակայութեան մահապատիժի վճիռ արձակեց Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսած բանակային Ղասսան Ժըտի դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել եւ կը ջանայ պահպանել կառավարութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին նպատակն է քայքայել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը եւ անիկա մասամբ յաջողած է իր նպատակին մէջ:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնած են, որ Լիբանանի կացութիւնը վատթարանայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջինարեւելեան շրջապտոյտին սեմին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւններն ու թիւրիմացութիւնները, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի շարունակեն մնալ միասնական:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ազգային անհրաժեշտութիւն են, առանց որոնց Լիբանան կրնայ գոյութիւն չունենալ:
ԿԸ նախատեսուի, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ ընթացող խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շատ լուրջ է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին հարցը վերջնականացնելու առումով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Մայրիներու յեղափոխութիւնը ժամանակի կարիք ունի ամբողջանալու համար` աւելցնելով, որ տակաւին անոր կը սպասեն շարք մը նուաճումներ:

