Ֆայեզ Ղոսըն. «Ընդհանուր Առմամբ Կացութիւնը Մտահոգիչ Է Եւ Սադրանքները Հորիզոնին Վրայ Կ՛Երեւին»
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան վերջ տայ վերջին քանի մը օրերուն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն:
Նախարարութեան մէջ Ղոսըն հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ, որուն ներկայութեան դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ բանակի նահատակներ Պաշաալանիի եւ Զահրամանի թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի:
Ղոսըն յայտնեց, որ բանակին դէմ յարձակում գործած իւրաքանչիւր յանցագործ պիտի հետապնդուի եւ ծանր պատիժներ պիտի կրէ:
Երկրին ապահովական կացութեան ակնարկելով` պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ ընդհանուր առմամբ կացութիւնը մտահոգիչ է եւ Լիբանանի դէմ սադրանքները հորիզոնին վրայ կ՛երեւին:
Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանցիները արտակարգ ջանքեր ի գործ պէտք է դնեն` կարենալ հակակշիռի տակ առնելու համար տիրող կացութիւնը եւ պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Եարզէի Մէջ
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ բանակի սպայակոյտի անդամներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ հանգրուանին բանակին ստանձնելիք պարտականութիւնները` երկիրը իսրայէլեան սպառնալիքներէն պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:
Զօր. Քահուաժի դրուատեց լիբանանեան բանակին ջանքերը եւ անոր զոհողութիւնները` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին իրականացուցած նուաճումները` ապահովական այլ ուժերու հետ շարք մը յանցագործներ ձերբակալելու առումով, բարձր պէտք է գնահատել:
Բանակի հրամանատարը հաստատեց նաեւ, որ բանակը պատրաստ է նաեւ Լիբանանէն վանելու շրջանային տագնապին ունենալիք հաւանական ամէն տեսակի հակազդեցութիւն, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը:

