Միքաթի Կութիերեսի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներու Վերաբերող Հարցեր
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի մէջ գաղթականներու հարցերու գերագոյն ներկայացուցիչ Անթոնիօ Կութիերեսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Նենթ Քելիի:
Հանդիպումէն ետք Կութիերես յայտնեց, որ ինք կը փափաքի շնորհակալութիւն յայտնել վարչապետ Միքաթիի, լիբանանցիներուն ու նախարարաց խորհուրդին եւ ողջունել անոնց առատաձեռնութիւնը սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ:
Միջազգային ընտանիքը քաջ գիտէ, թէ Լիբանան ճիգ չէ խնայած եւ իր կարողութիւններէն աւելի օժանդակած է սուրիացի գաղթականներուն:
«Հետեւաբար, լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութիւնը պէտք է ըլլայ միջազգային ընտանիքին յանձնառութիւնը, որպէսզի Լիբանան շարունակէ օժանդակել Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն», ըսաւ Կութիերես:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ղասսան Ղոսընի եւ ընկերակցութեամբ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պետութեան կողմէ պարտադրուած տուրքերուն եւ 2013-ի պետական պիւտճէին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը պետական մարզի պաշտօնեաներուն իրաւունքն է` աւելցնելով սակայն, որ այդ յաւելումները սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիներուն վրայ տուրքեր պարտադրելով կարելի չէ ֆինանսաւորել:
Ղոսըն պահանջեց նաեւ 2013-ի պետական պիւտճէի ծրագիրին մէջ նշուած հարկային համակարգը վերատեսութեան ենթարկել:


