Սինիորա. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Սկզբունքով Կը Գործենք Բոլորս»

Մարտ 14-ի Մայրիներու յեղափոխութեան տարեդարձին առիթով, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Նահատակաց հրապարակին վրայ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Մարտ 14-ը աւելի հզօր դուրս պիտի գայ, որովհետեւ անոր գաղափարը վեհ է, եւ ո՛վ որ Մարտ 14-ի գաղափարներուն մասին իմանայ, ապա անոնցմով կը համոզուի:

Սինիորա շեշտեց, որ լիբանանցիները կը յաղթեն, երբ անոնք միասնականութեամբ կը մերժեն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը, որովհետեւ անոնք ամրապնդած կ՛ըլլան իրենց ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Սինիորա նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը իբրեւ առաջարկ` նախաքայլ մըն է լիբանանցիները յաւելեալ բաժանումի մղելու:

Ան շեշտեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Սինիորա մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին յառաջիկայ յունիսին, այսինքն` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին համաձայն:

Մարտ 14-ի յեղափոխութեան տարեդարձին անդրադառնալով Սինիորա շեշտեց, որ այսօր այն թուականն է, որուն ընթացքին լիբանանցիները միասնականութեամբ յայտնեցին, թէ իրենք ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը կ՛ուզեն, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին, որ ժամանակն է սուրիական ուժերը Լիբանանէն հեռացնելու:

Քերրի Կոչ Կ՛ուղղէ Բռնարարքներուն Վերջ Տալու Եւ
Երեսփոխանական
Ընտրութիւնները Ճշդուած
Թուականին
Կատարելու

Մայրիներու յեղափոխութեան Ը. տարեդարձին առիթով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին կոչ ուղղեց վերջ տալու բռնարարքներուն եւ խաղաղ կերպով լուծելու իրենց հարցերը:

Ան ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու եւ ամրապնդելու համար Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը:

Քերրի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանին եւ կառչած կը մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

 

Share this Article
CATEGORIES