Նախագահ Սլէյման Ուղղուեցաւ Փղոսկրեայ Ափունք

Ժողովրդային ջերմ ընդունելութիւն` նախագահ Սլէյմանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, աւարտելով Սենեկալ կատարած իր այցելութիւնը, երէկ ուղղուեցաւ Փղոսկրեայ ափունք:

Ապիճանի մէջ նախագահ Սլէյման արժանացաւ ժողովրդային ջերմ եւ պաշտօնական ընդունելութեան:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Ապիճանի կառավարիչին հետ, որ իրեն յանձնեց քաղաքին ոսկեզօծ բանալին, ինչպէս նաեւ թանկագին քարերու հաւաքածոյ մը:

Ապիճանի մէջ հանրապետութեան նախագահը եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան նաեւ գործարարներու հետ` քննարկելու համար երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները:

Երեկոյեան նախագահ Սլէյմանի եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան ի պատիւ ընթրիք մը սարքուեցաւ նախագահական պալատին մէջ:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր եւս հանդիպումներ կ՛ունենայ Ապիճանի մէջ, իսկ շաբաթ առաւօտեան ան պիտի ուղղուի Կանա:

Նախագահ Սլէյման ափրիկեան իր շրջապտոյտը պիտի աւարտէ այցելելով Նիկերիա:

Նշենք, որ Սենեկալի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յանգիլ ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որ կը խորհրդանշէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը համընկնի Թաէֆի համաձայնագիրին եւ ոչ թէ երկիրը կը վերադարձնէ յարանուանական օրինագիծերու:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ ընտրական օրինագիծ մը մշակել, ապա ինք կը փափաքի, որ արտերկրի լիբանանցիները չմասնակցին ընտրութիւններուն:

Պէտք է նուազագոյնը արտերկրի լիբանանցիներուն արտօնել, որ իրենք եւս ընտրեն իրենց թեկնածուները` ոչ համայնքային հիմերու համաձայն:

Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց, որ 18 տարիքը ամբողջացուցած քաղաքացիին ընտրելու իրաւունք շնորհուի, եւ ներքին բարեկարգումին առումով օրինագիծերը մօտիկ ապագային կամ աւելի ուշ փոխանցուին խորհրդարան:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ անոր կարիքները հոգալու կարեւորութիւնը, որպէսզի անիկա կարենայ ամբողջացնել իր պարտականութիւնը, որովհետեւ բանակը կը մնայ Լիբանանի միասնականութեան լաւագոյն խորհրդանիշը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանը պէտք չէ վերածել դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգելու անցքի մը, ո՛չ ալ զայն պէտք է վերածել զինեալներ մարզելու խարիսխի մը, ի՛նչ կողմի որ ալ պատկանին անոնք:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ չէզոք կեցուածքը օգտակար է թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ, եւ անոր նպատակն է Սուրիոյ տագնապը շրջանցել` առանց այդ տագնապը Լիբանան փոխադրելու:

Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի ըլլայ ապահովել խաղաղութեամբ եւ երկխօսութեամբ` վերջ տալով բռնարարքներուն: «Կը մաղթենք յանգիլ քաղաքական այնպիսի լուծումի մը, որուն կը վերահսկէ ՄԱԿ-ը եւ որուն գործադրութիւնը կը պարտադրուի բոլորին», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Share this Article
CATEGORIES