Զէյթունա Պէյի Մէջ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Պահանջէ Իր Իրաւունքները
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց կազմակերպեց նստացոյց մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար, որ ողջունեց բոլոր պաշտօնեաները, որոնք կը մասնակցին բաց գործադուլին:
Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն պահանջած աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորուին 20 տարուան ընթացքին երկրին եւ պետական գանձարկղին հարստութիւնները իւրացուցած պատասխանատուներուն կողմէ եւ ոչ թէ սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիներուն վրայ տուրքեր պարտադրելով:
Հայտար կոչ ուղղեց ցուցարարներուն շարունակելու փտածութեան դէմ պայքարը:
Իր կարգին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ երբեք պիտի չհրաժարին իրենց պահանջներէն եւ 21 մարտը պիտի վերածեն սենտիքայական շարժումի խորհրդանշական օրուան, աւելի՛ն` սենտիքայական գարունի մը:
Նաւահանգիստին դիմաց արտասանած իր խօսքին մէջ Ղարիպ շեշտեց, որ նաւահանգիստն է, որ կրնայ ֆինանսաւորել աշխատավարձի յաւելումները` աւելցնելով, որ նաւահանգիստին ընդմէջէն մաքսանենգում կատարողները դրամի կէտազգիներն են:
Նստացոյցէն ետք խորհուրդը քայլարշաւ մը կատարեց դէպի Զէյթունա Պէյ, ուր Ղարիպ յայտնեց, որ Զէյթունա Պէյը ապօրինի շինութիւն է, որ նախարարի մը սեփականութիւնն է եւ կրնայ ֆինանսաւորել աշխատավարձի յաւելումները եւ համեստ դասակարգին վիճակը բարելաւել:
Իր խօսքը ուղղելով Տնտեսական խորհուրդներուն` Ղարիպ ըսաւ. «Դուք էք, որ պետական գանձարկղին մէջ նիւթական բաց ստեղծեցիք. դուք էք, որ ծովային կալուածներուն համար երկու հազար միլիառի հասնող տուրքեր ունիք վճարելիք պետութեան: Մենք երբեք անձնատուր պիտի չըլլանք դրամի կէտազգիներուն»:
Նշենք, որ խորհուրդին յայտարարած բաց գործադուլն ու դասադուլը 24-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ:
Խորհուրդը այսօր իր նստացոյցը կը կատարէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին դիմաց:


