Թուրք Գործարարներ Իսրայէլի Եւ Իրանի Համար Անջատ Անցագիրներ Կը Պահանջեն

«Հիւրրիյեթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թուրք գործարարներ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուէն երկու անջատ անցագիրներ պահանջած են` յաղթահարելու համար Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական հարցերուն ստեղծած արգելքները:

9 մարտին Արտաքին տնտեսական յարաբերութեանց վարչութեան կազմակերպած «ընտանեկան ժողով»-ին մասնակցած գործարարները գանգատեցան, որ երկու երկիրներու մուտքի արտօնագիրներու քաղաքականութիւնը արգելք կը հանդիսանայ իրենց շարժումին, կը դանդաղեցնէ իրենց գործը եւ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ իրենց առեւտուրին վրայ:

Իսրայէլ կը մերժէ մուտքի արտօնագիր տալ անոնց, որոնք արդէն իրանեան կամ այլ թշնամի երկիրներու մուտքի արտօնագիրներ ունին, Իրան իր կարգին Իսրայէլ մուտքի արտօնագիր ունեցողներուն չ՛արտօներ Իրան մուտք գործել: Այս իրողութիւնը շրջանին մէջ առեւտուր կատարող թուրք գործարարներուն համար հարց կը ստեղծէ:

 

Share this Article
CATEGORIES