Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Գրասենեակի Տնօրէնին Ռուսիոյ Համար Աւելի Կարեւոր Են Յետխորհրդային Երկիրներու Հետ Յարաբերութիւնները, Քան Միացեալ Նահանգներու Հետ

Ճէյմս Քլափփըր

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան գրասենեակի տնօրէն Ճէյմս Քլափփըրի կարծիքով, Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները առաջնահերթ չեն նկատուիր Ռուսիոյ համար, որուն արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ կեդրոնանալ նախկին խորհրդային երկիրներուն վրայ:

«Ըստ ամենայնի, Մոսկուա իր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի կեդրոնացնէ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ իր ազդեցութիւնը ուժեղացնելու վրայ», նշած է Քլափփըր` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ կապ պիտի ստեղծուի Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի մաքսային միութեան եւ Եւրասիական միութեան միջոցով, հակառակ անոր որ «Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները Ռուսիոյ համար կարեւոր պիտի մնան»:

Ըստ Քլափփըրի, Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը մօտիկ ապագային պիտի չփոխուի, սակայն ներքաղաքական գործօնները կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES