«Ֆրանսա Եւ Բրիտանիա Սուրիական Ընդդիմութեան Զէնք Պիտի Մատակարարեն» Կ՛ըսէ Ֆապիւս

Լորան Ֆապիւս

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա սուրիական ընդդիմութեան զէնք պիտի մատակարարեն, առանց Եւրոպական Միութեան համաձայնութեան:

Ան «Ֆրանս Ինֆօ» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա Եւրոպական Միութիւնը պիտի հրաւիրեն ժողովի մը, որ թերեւս տեղի ունենայ մարտի աւարտէն առաջ` քննարկելու համար սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած արգելքի վերացումը:

Ֆապիւս յայտնած է, որ «պէտք է շատ արագ շարժինք»` աւելցնելով, որ «կ՛ակնկալուի, որ եւրոպացիները քանի մը շաբաթէն այս հարցը քննարկեն, սակայն մենք եւ բրիտանացիները պիտի պահանջենք այդ ժողովին թուականը մօտեցնել»:

Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ֆրանսա սուրիական ընդդիմութեան զէնք պիտի տրամադրէ, նոյնիսկ եթէ այդ հարցին շուրջ միջազգային համաձայնութիւն չգոյանայ: Ֆրանսա «իբրեւ գերիշխան երկիր» պատրաստ է համակարգուած ձեւով աշխատելու Բրիտանիոյ հետ, որուն հետ իր կեցուածքները կը համընկնին:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ Եւրոպական Միութենէն պահանջեց վերացնել սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման վրայ հաստատուած արգելքը:

Մինչ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը ողջունեց Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ այդ որոշումը, Սուրիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ այդ յայտարարութիւնը միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնձգութիւն է: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գծով աճապարանօք տրուած որոշումներէն զգուշացուց:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու կարգ մը արեւմտեան երկիրներու նպատակը Մոսկուայի մօտ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ»: «Կը թուի, թէ ներկայիս բոլորը կը խօսին Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի հոլովոյթին սկսելու կարեւորութեան մասին, սակայն մեզ մտահոգողը այն է, որ կարգ մը արեւմտեան մայրաքաղաքներ նոյն ատեն ընդդիմութիւնը զինելու իրենց մտադրութեան մասին կը յայտարարեն», ըսաւ ան:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի Լոնտոն այցելութեան աւարտին յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցին եւ սուրիական վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ բանակցութեանց ծիրի ճշդման համաձայնութեան մը գոյացման շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ դիւանագիտական տարակարծութիւնները լուծելու վերաբերեալ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները ձախողած են:

Ան նշեց, որ հակառակ ատոր, Բրիտանիա եւ Ռուսիա Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ Սուրիոյ մէջ քաղաքական ուղղակի երկխօսութեան սկսելու կարեւորութեան շուրջ համաձայնած են: Ան յոյս յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական խորհուրդի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ մօտ օրէն Մոսկուայի մէջ ռուս պաշտօնատարներու հետ քննարկումներ կատարէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ «սուրիական տագնապի լուծման առիթ մը գոյութիւն ունի»` շեշտելով, որ «պէտք է զայն օգտագործել հակառակ Սուրիոյ թշնամիներուն դաւերուն»:

Ան նշեց, որ «սուրիական կառավարութեան եւ շարք մը ընդդիմադիր կողմերու հետ մեր հաստատած կապերը այդպիսի առիթի մը գոյութիւնը ցոյց կու տան»:

 

Share this Article
CATEGORIES