Ոչ Եւս Է Արամայիս Սահակեան

Արամայիս Սահակեան

Երէկ երկարատեւ հիւանդութենէն ետք, Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացաւ 77 տարեկան յայտնի գրող, երգիծաբան, հրապարակախօս Արամայիս Սահակեան:

Սահակեան շարք մը գիրքերու հեղինակ է եւ 1982 թուականէն ի վեր «Ոզնի» երգիծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիրն էր:

Տարբեր տարիներու ընթացքին աշխատած է հայաստանեան մամուլին, խորհրդային Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կոմիտէին եւ անկախ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է նորանկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի պատգամաւոր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )