«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակին Մէջ Իր Յատուկ Ներկայացուցիչը Ունենալու Մասին Մտածէ» Կ՛ըսէ Հասանով

Ազրպէյճանական Todays.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահական վարչակազմի ընկերային եւ քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով «Նիւ Եուրոփ» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճան վճռակամ է Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները շարունակելու եւ միութեան հետ իր ապագայ յարաբերութիւնները ընդլայնուած եւ ամրապնդուած կը տեսնէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճան կը կարծէ՞, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օժանդակել, ան ըսած է. «Այո՛, ոչ միայն կը կարծենք, այլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վէճի լուծման մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի զօրակցութեան ձեւով Եւրոպական Միութենէն մեծ ազդեցութիւն եւ աջակցութիւն կը սպասենք: Ներկայ պահուս Եւրոպական Միութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ ներկայացուած է Ֆրանսայով: Սակայն մենք կը կարծենք, որ Եւրոպական Միութիւնը ապագային պէտք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ իր յատուկ ներկայացուցիչը ունենալու մասին մտածէ եւ այդ մէկը տագնապի շուրջ Եւրոպական Միութեան կեցուածքին ամրապնդման պիտի նպաստէ: Անշուշտ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Եւրոպական Միութիւնը կը ներկայացնէ, սակայն ասիկա միայն մէկ երկիր է: Ուստի իսկապէս այս հարցով Եւրոպական Միութեան աւելի աշխուժ ազդեցութիւն կը սպասենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ առանց Հարաւային Կովկասի մէջ պատշաճ խաղաղութեան, չենք կրնար Եւրոպայի մէջ ամբողջական ապահովութեան մասին խօսիլ»:

 

Share this Article
CATEGORIES