«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Սթաթիւս-Քոյի Պահպանումը Հակամարտող Կողմերուն Եւ Ամբողջ Շրջանին Համար Խնդիրներ Կը Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Ռուպին
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին Թուրք-ամերիկեան միութեան տարեկան խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանման: Խորհրդաժողովին մասնակցած են նաեւ ամերիկացի շարք մը խորհրդարանականներ եւ պաշտօնատարներ:
«Միացեալ Նահանգներ կը խոստովանին, որ սթաթիւս քոյի պահպանումը անթոյլատրելի է. ոչ միայն մարդկային տառապանքներու, այլ նաեւ այն պատճառով, որ սթաթիւս քոն խնդիրներ կը ստեղծէ տագնապի կողմերուն եւ ամբողջ շրջանին համար», յայտարարած է Ռուպին:
Ան յայտնած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջնորդ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ մնայուն համանախագահ պիտի ունենան:
«Մինսքի խմբակի համանախագահի նշանակումը առաջնահերթութիւն է նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի համար: Նոր համանախագահը պիտի նշանակուի Քերրիի կառավարման առաջին տարուան ընթացքին: Շատ կարեւոր է յարմար թեկնածու գտնել` նախորդ համանախագահին փոխարինելու համար», նշած է Ռուպին` անդրադառնալով հանդիպման ներկաներուն այն դիտարկման, թէ «Մինսքի խմբակի կազմին մէջ մնայուն համանախագահի բացակայութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ աշխուժ դեր չեն խաղար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ»:
Ռոպըրթ Պրատքէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի պաշտօնին վրայ իր առաքելութիւնը աւարտեց դեկտեմբեր 2012-ին, ժամանակաւոր համանախագահ նշանակուեցաւ Եան Քելի:


