Լիթուանիա Պաշտօնապէս Յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հետ Բարեկամութեան Խումբի Ստեղծման Մասին

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիթուանիոյ խորհրդարանի պաշտօնական ամպիոնէն երէկ աննախադէպ յայտարարութիւն հնչեց: 5 խմբակցութեան անդամներ, 2 անկուսակցական, ընդհանուր առմամբ, 12 հոգինոց բաղկացած բարեկամական խումբ մը: Այդ երկրի խորհրդարանի 12 անդամներ միախմբուած են եւ ստեղծած են Լեռնային Ղարաբաղի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբը:

Նախապէս այսպիսի մտադրութեան մասին յայտարարուած էր տակաւին օրեր առաջ: Այդ ժամանակ հռչակագիրը ստորագրած էին 9 երեսփոխաններ: Հակառակ ազրպէյճանական ճնշումներուն, երեսփոխանները ոչ միայն մնացին անդրդուելի, այլեւ աւելցուցին խումբի անդամներուն թիւը:

Խումբի անդամներու ցանկը հրապարակուեցաւ երկրին արտաքին քաղաքական նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ: Սակայն, ասիկա վերջնական չէ: Նիստին նախագահ Վիթաութաս Կափշիս, խումբի ստեղծման մասին յայտարարութիւնը կարդալէն ետք, փափաքողներուն կոչ ուղղած է միանալու, իսկ այնուհետեւ յայտարարած է առաջին նիստին մասին:

Լիթուանիոյ ներքին գործոց նախկին նախարար Աունտրոնիուս Աճուպալիս յայտարարեց, որ այսպիսի խումբի ստեղծումը պիտի վնասէ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան: Ան նշեց, որ Լիթուանիոյ Ազրպէյճանի դեսպանը երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան յղեց բողոքագիր մը, որուն մէջ նշուած է, որ ասիկա բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ: Ըստ անոր, խորհրդարանը այսպիսի խումբեր կը ստեղծէ միայն միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութիւններուն հետ:

Իսկ խումբի հիմնադիր անդամներէն Տանկութէ Միքութենէ նշեց, որ խորհրդարանին մէջ կան նաեւ այլ խումբեր` չճանչցուած տարածքներու հետ համագործակցութեան համար:

«Լիթուանիան ժողովրդավարական պետութիւն է եւ խորհրդարանի անդամները ունին ազատ աթոռ: Անոնք կրնան բարեկամանալ այլ երկիրներու, որոնց շարքին` պաշտօնապէս չճանչցուածներու խորհրդարաններուն հետ: Թերեւս ձեզի համար կարդամ այսպիսի խումբերու ցանկը, որուն ներքեւ ստորագրած են նաեւ ձեր խմբակցութեան անդամները` Քուպա, Թայուան, Չեչենիա, Թիպեթ», ըսաւ Միքութէ:

 

Share this Article
CATEGORIES