Նոր Պապը 2006-ին Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իտալական Մամուլը Նոր Պապի Ընտրութիւնը «Վատիկանի Մէջ Յեղափոխութիւն» Կը Նկատէ
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ արժանթինահայերը ուրախութեամբ կ՛ընդունին Հռոմի նոր պապին ընտրութեան լուրը. Արժանթինի կարտինալ Խորխէ Պերկոլիոն միշտ բարեկամական կապեր ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքին հետ եւ մասնակցած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած եւ հայկական այլ ձեռնարկներու:
7 տարի առաջ կարտինալը հրապարակաւ Թուրքիայէն պահանջած է առանց նախապայմաններու ընդունիլ ցեղասպանութեան փաստը: Այս հարցին անդրադարձած է նաեւ թրքական «էնսոնհապեր» կայքէջը, որ կ՛ընդգծէ, թէ 2006-ին Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:«Հայոց ցեղասպանութիւնը անպայման պէտք է ճանչցուի` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի եւ մարդկութեան դէմ գործուած սարսափելի յանցագործութիւն», ըսած է ան:
Երէկ լոյս տեսած իտալական օրաթերթերը անդրադարձան նոր պապին ընտրութեան: «Լա Ռեսփուպլիքա» օրաթերթի խմբագրականը կը կրէր «Վատիկանի մէջ յեղափոխութիւն» խորագիրը, «Քորիերէ տելլա Սերա»-ի առաջին էջի խորագիրը «Անակնկալը` Ֆրանչիսկոս» էր, իսկ «Լա Սթամփա» կը գրէ, որ նոր պապին Ֆրանչիսկոս անունը ընտրելը պատահականութիւն չէր` նկատի ունենալով, որ Ս. Ֆրանչիսկոս Ասիզացին եւս ծանօթ է իր համեստութեամբ եւ աղքատներուն նկատմամբ կարեկցանքով:
Միւս կողմէ, Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Վատիկանի բանբեր հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտարարած է, որ Ֆրանչիսկոս Ա. պապի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յովսէփի տօնին օրը` երեքշաբթի, 19 մարտին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 10:00-ին:


