Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքները Վիճարկելու Դիմումները. «Թոյլ Պիտի Չտամ, Որ Իրարու Դէմ Կանգնին Ոստիկանն Ու Քաղաքացին» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան

Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը երէկ մերժեց նախագահի երկու թեկնածուներու` Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Անդրէաս Ղուկասեանի դիմումները` 18 փետրուարին տեղի ունեցած Հայաստանի նախագահական ընտրութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու մասին:

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Րաֆֆի Յովհաննէսեան իր աջակիցներուն եւ հրապարակին վրայ հաւաքուած մարդոցմէ խնդրեց այլեւս չարծարծել իրեն համար վրանի տեղադրման հարցը:

«Պէտք չէ դիմել այդ քայլին, քանի տակաւին ոստիկանապետը ինքը չէ որոշած վրանի տեղադրումը», ըսաւ Յովհաննէսեան եւ միաժամանակ անընդունելի եւ անիրաւաչափ որակեց ոստիկանութեան երէկուան գործողութիւնները:

Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինք թոյլ պիտի չտայ, որ քաղաքացին եւ ոստիկանը իրար դէմ կանգնին այստեղ: Յայտնենք, որ երէկ ոստիկանները արգիլած էին Ազատութեան հրապարակին վրայ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին համար վրանի տեղադրումը:

Ան նաեւ նշեց, որ մարդիկ արդէն գիտեն մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեանի տեսակէտը այն մասին, որ ոստիկանները սխալ գործած են, եւ մէկ վրանի տեղադրումը չի հակասեր օրէնքին:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան մերժեց մեկնաբանել այլ քաղաքական ուժերու յայտարարութիւնները` ըսելով, որ պիտի մեկնաբանէ միայն նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնները:

Ան կեղծիք անուանեց «ստուերային կառավարութեան մասին» ըսուածները: Ան նշեց, որ պատրաստ է ընդունիլ քաղաքական որեւէ ուժի հետ համագործակցելու առաջարկը:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան նշեց, որ այսօրուան «յաղթահաւաք-հանրահաւաքին» ընթացքին պիտի հաղորդէ իր դիրքորոշումը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն վերաբերեալ, իսկ շաբաթ օրը Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ռոք-համերգ` հայկական խումբերու մասնակցութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES