50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1963)

Վերադա՞րձ Դէպի Ստալինականութիւն…

Խրուշչեւ Կ՛ազդարարէ Վերջ Տալ Գաղափարական Եւ
Քաղաքական Ազատութեան Ձգտումներուն

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի տեղեկատու սպասարկութեան համաձայն, վարչապետ Խրուշչեւ ազդարարած է խորհրդային բոլոր ժողովուրդներուն, թէ հարկ է սխալ չմեկնաբանել «ապաստալինականութիւնը»:

«Ապաստալինականացում»-ը չի նշանակեր գաղափարաբանական եւ քաղաքական ազատութիւն:

«Ապաստալինականացում»-ը պէտք չէ ենթադրել տայ, թէ` «թուլցած են կառավարական սանձերը»:

Խորհրդային մամուլի, գրականութեան եւ մշակոյթի մարմիններէն եւ աշխատաւորներէն կը պահանջուի «անշեղ հաւատարմութիւն` համայնավար սկզբունքներուն եւ կուսակցութեան հանդէպ»:

Խրուշչեւ խստիւ դատապարտած է Էլիա Էհրենպուրկի եւ Եւկենի Եւտուշենկոյի նման ազատախոհ գրագէտները, որոնք վերացական արուեստը կը պաշտպանեն ու նաեւ խոտորումներ ցոյց կու տան ընկերվարական իրապաշտութեան ոգիէն:

Խրուշչեւ այս յայտարարութիւնները կատարած է Քրեմլինի մէջ, խորհրդային բարձրաստիճան ղեկավար դէմքերու, կուսակցական եւ մշակութային մարզերու մէջ տիրական դէմքերու ներկայութեան: Խորհրդային մամուլը հրատարակած է այս յայտարարութիւնները:

Արեւմտեան դէտերու համաձայն, Խրուշչեւի յայտարարութիւնները կը ձգտին զսպել խորհրդային կեանքի մէջ ի յայտ եկած ազատական ձգտումները, որոնք կը քաջալերուէին ապաստալինացման պատճառով:

Խորհրդային ղեկավարութիւնը, ահաբեկ, կ՛ընդդիմանայ այս խմորումներուն, որոնք վերջերս նշմարելի դարձան գրականութեան եւ արուեստներու մէջ:

Հայկական Կեանք

Տօնական Եւ Մեծ Պահոց Օրերը Կեսարիոյ Մէջ
Ժողովուրդին
Ինիսուն Առ Հարիւրը Ծոմ Կը Պահէ

Կեսարիայէն մարտ 4 թուականով կը գրեն:

Տեառնընդառաջի տօնը սովորական հանդիսութեամբ եւ ջահավառութեամբ շատ լաւ անցաւ: Հակառակ չափազանց ցուրտ օդին` Ս. Լուսաւորչի տաճարը լեցուած էր հաւատացեալներով:

Երեկոյեան ժամերգութեանց նախագահեց եւ յաջորդ առաւօտ պատարագեց եւ քարոզեց մեր վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան:

Վարդանանցի հինգշաբթի օրը, առաւօտեան արարողութիւններէն ետք, ազգին համայն ննջեցելոց յիշատակին հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն կատարուեցաւ խուռն բազմութեան ներկայութեան:

Այսօր Մեծ պահոց 8-րդ օրն է: Երկու օրէ ի վեր սաստիկ կը ձիւնէ: Անցեալ չորեքշաբթիէն ի վեր Արեւագալի երգեցողութիւնները եւ կիրակի երեկոյեան Եկեսցէի արարողութիւնները կանոնաւորաբար կը կատարուին եւ աւուր պատշաճի շինարար քարոզներ կը խօսուին տէր Հայկազունին կողմէ: Ժողովուրդէն 90 առ հարիւրը ծոմապահութիւն կը կատարէ: Ապուխտագործութեան աշխատանքները վերջացած ըլլալով` ժողովուրդը գործէ քաշուած է, հանգիստ ու խաղաղ կ՛ապրի եւ առտու իրիկուն եկեղեցին կը լեցնէ:

Թրքական Թերթի Մը Տնօրէնին
Վայրագութիւնը

Կը Ծեծէ Եւ Կիցերով Գետին
Կը
Փռէ Հայ Դաշնակահարուհին

Թրքական «Թասվիր» թերթը կը գրէ, թէ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Անի Կասեր, որ հիւրաբար Պոլիս կը գտնուի նուագահանդէսներ տալու համար, ծեծ կերած է Պոլսոյ «Ենի Սապահ» թերթի տէր Սաֆա Գըլըճօղլուէն, որ կը փնտռուի ոստիկանութեան կողմէ: «Թասվիր» թերթը կու տայ այդ առթիւ հետեւեալ մանրամասնութիւնները.-

Անի Կասեր, որ Փարիզի մէջ 13 տարի երաժշտութիւն ուսած եւ միջազգային արժէքի մը տիրացած է իր սարքած նուագահանդէսներով, Պոլսոյ մէջ սարքելիք նուագահանդէսներուն համար օրերէ ի վեր կ՛աշխատի ընտանեկան վաղեմի բարեկամի մը տան մէջ, Նըշանթաշ, Էմլաք պողոտայ, Արման յարկաբաժին մը: Այդ յարկաբաժինը, որ կը պատկանի Վարդանեան անունով հայու մը, դէմ առ դէմ կը գտնուի Սաֆա Գըլըճօղլուի յարկաբաժինին հետ:

Մանկամարդ աղջիկը առջի գիշեր, երբ տանտէրերը սինեմա գացած էին, նորէն կ՛աշխատէր իր դաշնակին առջեւ, երբ դուռը զարնուած եւ սպասուհին այցեքարտ մը բերած է Անի Կասերի, որ տեսնելով, թէ քարտը Մ. Վարդանեանի ուղղուած էր, առանց կարդալու` սեղանին վրայ կը դնէ զայն ու կը շարունակէ աշխատիլ: Ետքէն յայտնի կ՛ըլլայ, թէ այդ քարտը սպառնալիք մը կը պարունակէր, «աղմուկը կտրելու, հակառակ պարագային գէշ պիտի ըլլայ»-ի ազդարարութեամբ:

Տասը վայրկեան ետք կիցեր կը զարնուին դուռին: Դուռը բացուելուն պէս Սաֆա Գըլըճօղլու զայրոյթով ներս կը մտնէ, շիտակ դաշնակին կ՛երթայ, նոթաները կը պատռտէ ու աթոռակին վրայ նստած աղջկան ապտակ մը զարնելով` գետին կը փռէ զայն:

Կը պնդուի, թէ Անի Կասեր դժուարաւ ազատած է Սաֆա Գըլըճօղլուի կիցերէն ու հազիւ ինքզինք կրցած է փողոց նետել:

Առաւօտուն դէպքը պահականոցին արձագանգած է ու մանկամարդ աղջիկը իսկոյն դատական բժիշկին է ղրկուած, ուրկէ տեղեկագիր ստացուած է, թէ «մէկ օրուան աշխատանքին արգելք կ՛ըլլայ, եօթը օրէն կ՛աղէկնայ»: Ասոր վրայ ոստիկանութիւնը ամէն տեղ փնտռած է Գըլըճլըօղլուն` զայն ակնյայտ յանցանքներու ատեանին յանձնելու համար, բայց չէ կրցած գտնել զայն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES