Քիմ Էնկին Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Կը Ծփայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քիմ Էնկ 11 տարեկան աղջնակ մըն է. ան կ՛ապրի Քամպոտիոյ մէջ, Ասիոյ երկիրներէն մէկը: Անոր գիւղին մէջ ամէն ինչ ջուրին վրայ կը գտնուի, տուներ, նպարավաճառի խանութներ, դպրոց…

Քիմ Էնկ կ՛ապրի Քամփոնկ Լուոնկի մէջ, որ ընդարձակ լիճի մը վրայ ծփացող գիւղ մըն է: Հոն ամէն ինչ կը ծփայ. տուները, դպրոցը, խմելու ջուրի կայանը, պուտտայական տաճարը եւ նպարավաճառի խանութները: Ծախողները գիւղին մէջ կը պտտին իրենց նաւակներով` բնակիչներուն առաջարկելով պտուղներ, բանջարեղէններ, խմիչք, հագուստներ…

 

                          ***

Քիմ Էնկին տունը շինուած է նաւու մը վրայ, որ շրջապատուած է լիճին խորը տնկուած պամպուի եղէգներով` աւելի հաստատուն ըլլալու համար: Ուրիշ նաւու մը վրայ զետեղուած մեծ շարժակ մը ամբողջ գիւղին համար ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ: Պէտք է յաճախ երթալ բարդերը դարձեալ լեցնելու, հետեւաբար ընտանիքը կը փորձէ ելեկտրականութիւն խնայել:

                               ***

Քիմ Էնկի ընտանիքը կ՛ապրի ձկնորսութեամբ: Անոր մայրը կը պատրաստէ ուռկանները: Հայրը լիճին վրայ ձկնորսութիւն կ՛ընէ. լիճը ձուկերով շատ հարուստ է: Ապա ան կ՛երթայ զանոնք ցամաքին վրայ կամ ծփացող գիւղին մէջ ծախելու: Քիչ մը դրամ շահելու համար Քիմ Էնկ փոքրիկ աշխատանքներ կը կատարէ, ինչպէս` կարիդոսներու կողովներ շինել ուրիշ ձկնորսներու համար:

                              ***

Ամէն օր Քիմ Էնկ եւ իր ամէնէն մօտիկ ընկերուհին միասին դպրոց կ՛երթան նաւակով: Մանուկները իրենց թիերը դասարանին մէջ կը դնեն, որպէսզի անոնք չգողցուին: Հինգ դասարաններուն աշակերտները դպրոց կ՛երթան կա՛մ առտուն, կա՛մ կէսօրէ ետք: Քիմ Էնկ մեծ կեդրոնացումով իր պարտականութիւնները կը կատարէ: Ան կ՛ուզէ հետագային բժիշկ դառնալ` իր ընտանիքը խնամելու համար:

 

Թայթանիքին Վերադա՞րձը

Քանատայի ջուրերուն մէջ 1912-ին ընկղմած նշանաւոր նաւը «փոքրիկ աղբարիկ» մը պիտի ունենայ: Աւստրալիացի միլիառատէր մը ներկայացուցած է Նիւ Եորքի մէջ Թայթանիք 2-ի յատակագիծը:

Ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ առաջին Թայթանիքի ընկղմելէն հարիւր տարի ետք, մարդիկ տակաւին պատրաստ են ծախսելու մօտաւորապէս մէկ միլիոն տոլար` մաս կազմելու Թայթանիք 2-ի բացման ճամբորդութեան: Քլայվ Փալմըր աւստրալիացի միլիառատէր մը, որ իր հարստութիւնը շահած է աւստրալիական հանքերէն, վստահ է, որ նման ծրագիր մը մեծ յաջողութիւն կրնայ գտնել: Այս հզօր նաւուն սիրահարը որոշած է նոր Թայթանիքի մը շինութեան աշխատանքներուն լծուիլ: Այս նոր նաւը պիտի շինուի ճիշդ հին նաւուն նման, Չինաստանի նաւաշինարանի մը մէջ: Ան աւելի արդի պիտի ըլլայ եւ օժտուած` նորագոյն արհեստագիտութեամբ: Ան պիտի ըլլայ աշխարհի ամէնէն վստահելի զբօսանաւը, կը հաստատէ նաւուն յատակագիծները կազմած ճարտարագէտը:

Առաջին Թայթանիքին նման, այս երկրորդ Թայթանիքն ալ պիտի ունենայ երեք դասակարգ, որոնք իրաւունք պիտի չունենան իրարու խառնուելու:

Նաւուն շինութիւնը պիտի սկսի այս տարի: Մինչ բացման ճամբորդութիւնը, որ դարձեալ պիտի ըլլայ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ 2016-ին:

                                 ***

– Թայթանիք 2-ի շինութեան ծախսերը պիտի հասնին 200 միլիոն տոլարի:

– Նաւը պիտի ունենայ 270 մեթր երկարութիւն եւ 65 հազար թոն ծանրութիւն:

– Անոր վրայ պիտի շինուին 9 բաժանմունքներ, որոնք պիտի պարունակեն 840 սենեակ, մարզասրահներ, լողաւազաններ, գրադարաններ, շքեղ ճաշարաններ:

– 9000 անդամներէ բաղկացած անձնակազմ մը 2400 ճամբորդներու տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ:

 

Յիշենք

Թայթանիքի Պատմութիւնը

Թոմաս Անտրուզի կողմէ 1909-1912-ի միջեւ շինուած Թայթանիքը անգլիական նաւ մըն էր: Ան իր ժամանակաշրջանի ամէնէն մեծ նաւն էր: Ան իրարու պիտի միացնէր Անգլիոյ Սաութհամփթըն քաղաքը եւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքը:

Իր առաջին ճամբորդութեան ընթացքին ան հսկայական սառցալեռի (այսպըրկ) կը զարնուի: Նաւուն յատակը կը ճեղքուի, եւ նաւը շատ արագ ջուրով կը լեցուի: Անիկա կ՛ընկղմի 15 ապրիլ 1912-ին, առտուան ժամը 2-ը 20 անց, Թեր-Նէօվի (Հիւսիսային Ամերիկայի Ատլանտեանի ափին գտնուող ընդարձակ կղզի մը) ջուրերուն մէջ:

Ճամբորդները կը փորձեն նաւէն փախչիլ որեւէ միջոցաւ: Փրկութեան նաւակները գոյութիւն ունին, սակայն անոնք բաւարար չեն: Մինչ ուրիշ նաւեր անշարժացած կը մնան: Օդը սաստիկ ցուրտ էր եւ ջուրը` սառած: Այդ գիշերը 1500 անձեր կը խեղդուին: Միայն 700 անձեր կը փրկուին:

 

Փոքրիկ «Պիզնըսմենը»

Հենրի Փաթըրսըն 9 տարեկան է, եւ ան Անգլիոյ ամէնէն փոքրիկ «պիզնըսմենն» է:

9 տարեկան Հենրի համացանցին վրայ բացած է պոնպոնի իր խանութը` «Նաթ պիֆոր թի» (ոչինչ թէյէն առաջ): Ան անձամբ զբաղած է իր ապրանքները ծախելու ծանուցումի միջոցներով, մինչեւ` իր «խանութին» խորհրդանիշին (լոկոյին) յղացումով:

Մէկ շաբթուան ընթացքին ան ունեցած է 100 ապսպրանք եւ հաւաքած` մօտաւորապէս 300 տոլար: Ան կը նախատեսէր այս արդիւնքին հասնիլ միայն մէկ ամիս ետք:

Պոնպոններէն առաջ ան ծախած էր պարարտացուցիչ նիւթեր եւ բացած` Հ-Պէյի վրայ (աճուրդի նշանաւոր կայքէջ) իր անձնական խանութը: Ան հոն կը ծախէր նաեւ աժան հագուստներ: Անոր յաջորդ երազը ժապաւէն մը նկարելն է: Վստահ ենք, որ ան պիտի կարենայ այդ երազն ալ իրականացնել:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ

  • Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա եւ Նիւ Եորք նահանգներուն մէջ կարելի է 24 ժամ աշխատող բաշխիչ մեքենաներէն քափքէյք անուշեղէններ գնել:
  • Զուիցերիացի ադամանդագործ մը շինած է ամբողջովին ադամանդէ կազմուած, քար եւ օղակ, մատանի մը:
  • Հոլանտական ընկերութիւն մը շինած է երեք անիւով ինքնաշարժ մը:

Ուտուելիք Մուճակնե՞ր

Շատ փոքրերուն համար արդէն հնարուած էին անուշ հոտող ներբաններով կօշիկներ:

Այս ամառուան համար բաց մուճակներու «Իփանեմա» վաճառանիշը շուկայ պիտի իջեցնէ ելակի հոտով ամառնային բաց մուճակներ: Զանոնք աւելի իւրայատուկ դարձնելու համար զոյգ մը մուճակի իւրաքանչիւր ոտքը տարբեր զարդարանքներ պիտի ունենայ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր դէմքի իրարու համապատասխանող բաժինները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու խառնուած տուփիկներուն ճիշդ տեղերը` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:

 

Share this Article
CATEGORIES