17-րդ Եւ 18-դ Դարերու Նկարչութիւնը Կը Համարուի Պարոք Եւ Դասական Նկարչութիւն
Վերածնունդի դասական արուեստին կը յաջորդէ պարոք նկարչութիւնը: Պարոք բառը, իտալերէն պարոքքօ, կը նշանակէ անկանոն մարգրիտ, սակայն այս պարագային գործածուած է փոխաբերական իմաստով: Այսինքն` Վերածնունդի դասական, իտէալ, կայուն նկարչութենէ տարբեր նկարչութիւն մը, որուն հիմնական նկարագիրն է շարժումը` սլացքը դէպի վեր, դէպի երկինք, լոյսի եւ ստուերի ուժգին գործածութեամբ:
Միքելանճելօ, հեղինակը` Հռոմի Սիքստինեան մատուռի որմնանկարներուն, կը նկատուի պարոք ոճին սկիզբ տուողը` իր հոգեյոյզ նկարչութեամբ:
Իրմէ դար մը ետք, դարձեալ Միքելանճելօ, բայց Քարաւաճիօ եղաւ այն բնապաշտ նկարիչը, որ կիրարկեց բնութեան երեւոյթները ներկայացնող առաջին արուեստագէտը` միշտ նիւթ ունենալով մարդը, զայն ներկայացնելով շարժման մէջ եւ արտայայտելով անոր կիրքերն ու զգացումները շքեղ, հոգեյոյզ եւ տարօրինակ կերպով:
Արդ, 17-րդ եւ 18-րդ դարերու նկարչութիւնը, գործածելով Վերածնունդի դասական թեքնիքը եւ արտայայտելով մարդուն շարժումը, դարձաւ կամ կը նկատուի պարոք եւ դասական արուեստ: Այս ոճը պահանջն էր ժամանակի ընկերային, կրօնական եւ տնտեսական խնդիրներուն:
Ճարտարապետութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան մէջ եւս զարգացաւ պարոք ոճը:
Հիմա կ՛ուզեմ ցոյց տալ այն նշանաւոր նկարիչներուն գործերը, որոնք կը պատկանին պարոք եւ դասական արուեստին:
Իտալիոյ մէջ
Թիէփոլօ 1696-1770
Քարաչիները 1555-1619
Լոտովիկօ Քարաչի եւ իր երկու զարմիկները
Ակոստինօ Քարաչի եւ Անիպալ Քարաչի 1560-1609
Քարաւաճիօ, Միքելանճելօ 1573-1610
Հոլանտա եւ ֆլամանտ երկրի մէջ
Ռիւպենս Փիթըր Փոլ 1577-1640
Վան Տիք (Անտոն) 1599-1641
Ֆրանս Հալս 1580-1666
Ռամպրանտ Հարմեզոն վան Ռիժն 1606-1669
Վերմեր Ժան 1632-1675
Սպանիոյ մէջ
Ռիպերա 1591-1652
Զիւրպարան 1598-1664
Վելազքեզ 1599-1660
Միւրիլլօ 1617-1682
Ֆրանսայի մէջ
Ժորժ տը լա Թուր 1593-1652
Նիքոլա Փուսեն 1594-1665
Քլոտ Լորրէն 1600-1682
Վաթօ 1684-1721
Շարտեն 1699-1779
Ֆրանսուա Պուշէ 1703-1770
Ֆրակոնար 1732-1806
Անգլիոյ մէջ
Հոկարթ 1697-1764
Ռէյնոլտ 1723-1792
Կենզպորօ
*Դասախօսութիւն ներկայացուած Համազգայինի Թորոս Ռոսլին ակադեմիային եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքին մէջ։
Համադրեց`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Պուրճ Համուտ, 20/1/2013




