Միջազգային Գոթական Արուեստը 1380-1450

Պատրաստեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

«Խաչելութիւն», Լորենզօ Մոնաքօ

Գոթական արուեստը չի հետաքրքրուիր իրականութեան ներկայացումով, ոչ ալ` մանրամասնութիւններով, այլ կը գործածէ մաքուր գիծեր եւ զօրաւոր գոյներ, յատկապէս` կապոյտն ու կարմիրը:

Այս ոճին ամէնէն լաւ օրինակներն են. Տը Լեմպուրկ (ֆրանսացի) եղբայրները իրենց «Շատ հարուստ պահերը Պերրիի դուքսին» եւ Լորենզօ Մոնաքօ` իր «Կոյսը երկու հրեշտակներով» իր «Մոգերու պաշտամունքով»: Այս արուեստի ոճը համադրութիւն մըն է ֆլամանտական ճշգրտութեան եւ իտալական մոնիւմենթալ յղացումին:

Հեռանկարչութիւն` Գծային Եւ Մթնոլորտային

1420-ական թուականներուն, ֆլամանտ երկրի եւ Իտալիոյ մէջ երկու նկարիչներ, նոյն ատեն, կը գերազանցեն գոթական ոճը ու կը ստեղծեն նոր կամ արդի ոճը` իրարմէ տարբեր ուղղութիւններով: Իտալացի նկարիչ Մազաչիօ կը նկարէ հիմնապէս մաթեմաթիք եւ հեռանկարչութեան օրէնքներով որմնանկար մը` Ֆլորանսի Սանթա Մարիա տել Քարմին եկեղեցիին մէջ, իրական ծաւալներ ունեցող  ֆիկիւրներով: Մինչ, Վան Այք կը ներկայացնէ աշխարհ մը` բազմաթիւ դէմքերով եւ ճշգրտութեամբ, այդ բոլորին տալով ներդաշնակութիւն` լոյսի գործածութեան շնորհիւ:

Իտալական գծային կամ ճարտարապետական հեռանկարչութիւնը արդիւնքն է մտաւորական կառուցման, իսկ ֆլամանտական մթնոլորտային հեռանկարչութիւնը արդիւնքն է փնտռտուքի եւ փորձառութեան:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES