Վերածնունդի Նկարչութիւնը (1400-1600).
Պատրաստեց՝ Յարութիւն Թորոսեան
Լէոնարտօ Տա Վինչի 1452-1519, Միքելանճելօ – 1475-1564,
Սանզիօ Ռաֆայէլ 1483-1520
14-16 դարերու միջեւ Եւրոպայի պատմութիւնը կը զարգանայ արագօրէն: Մեծ գիւտերու այդ շրջանին կը կատարուին նորութիւններ` քաղաքական, զինուորական եւ գիտական մարզերու մէջ: Սակայն արուեստի, յատկապէս նկարչութեան մէջ է, որ տեղի կ՛ունենայ մեծագոյն իրադարձութիւնը:
Իտալացի նկարիչները հմայուած յունական դասական արուեստէն (Ն. Ք. 5-րդ դար)` կը ջանան ընդօրինակել եւ գերազանցել զայն:
Իրենց հերթին, ֆլամանտացի նկարիչները կ՛իրագործեն բնապաշտ եւ նուրբ նկարչութիւն մը, որուն ճշգրտութիւնն ու կատարումը կարելի կ՛ըլլայ շնորհիւ իւղանկարչութեան վարպետութեան (իւղանկարի գիւտը կատարուած է Վան Այք եղբայրներուն կողմէ, 1400 թուականներուն):
Այս զոյգ դպրոցներու ազդեցութեան տակ կամաց կամաց տեղի կ՛ունենայ հեռանկարչութեան ծնունդը, որուն օրէնքներուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ներկայացնել դէմքերը բնապաշտօրէն, մարդկայնօրէն:
Վերածնունդը դարն է նաեւ բացառիկ հանճարներու. Վան Այք եւ Պրիւկել Ֆլամանտի մէջ, Մազաչիօ, Լէոնարտօ տա Վինչի, Ռաֆայէլ եւ Միքելանճելօ Իտալիոյ մէջ, Ալպեր Տիւրեր Գերմանիոյ մէջ, Էլ Կրեքօ Սպանիոյ մէջ կը գերազանցեն իրենց արուեստը` անդադար ստեղծելով գլուխ-գործոցներ:
Վերածնունդի շրջանին յառաջ կու գան 3 երեւոյթներ.
1.- Նկար ապսպրող (որուն հետ նկարիչը պայմանագիր կը ստորագրէ նկարի նիւթին եւ աւարտման թուականին մասին):
2.- Նկարին գինը:
3.- Հովանաւորը` նկարիչին, որուն կը յանձնէ իր գործը արուեստագէտը:
Վերածնունդի շրջանին նկար ապսպրողներն են կրօնական ընկերութիւնները, եկեղեցականները, իշխանները, քաղքենիները բայց մանաւանդ` պապերը:




