Սուրբ Լուսաւորիչին Օրհնաբաշխ Աջը

ՊԵՏՐՈՍ ԱԲՂ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այսօր տօնն է մեր հաւատքի հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին: Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ անմահացած մեծերէն մեծագոյնը կը հանդիսանայ հայոց աշխարհի առաջին հովուապետը: Արդարեւ, հայ կեանքին ամենասուրբ յեղափոխական անձնաւորութիւնն է ան, որ ժողովուրդ մը ամբողջ իր արքայով ու պետական աւագանիով, կարողացաւ Գերագոյն Բարիին`  Քրիստոս լոյսին առաջնորդել: Հայոց աշխարհը Անոր շնորհիւ, դարձաւ «ի խաւարէ ի լոյս, յապականութենէ յանապականութիւն»: Հայ ժողովուրդի վերածննդեան հոգեւոր առաջնորդը` մեր ազգի հոգիի լուսաւորիչը, հայոց աշխարհի մեհեանները հոյակապ տաճարներու վերածեց եւ քարէ աստուածներուն ձօնուած բագինները` երկնային հարսնարաններու: Հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն անոր անձին հանդէպ տածած է սէր ու յարգանք, այլեւ պաշտամունքի աստիճան պատիւ ընծայած է անոր մասունքներուն, յատկապէս Սուրբ Աջին:

Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին տարին երեք առիթներով կը յիշատակէ իր երկրորդ Լուսաւորիչին տօնը: Սակայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Չարչարանաց եւ Մուտն ի Վիրապի տօնը իւրայատուկ տեղ եւ նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ այս տօնը սփիւռքահայութեան կեդրոնը հանդիսացող կաթողիկոսարանին Ուխտի օրն է: Անթիլիասի Մայր տաճարը կառուցուած է 1939 թուին Երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան ծերունազարդ կաթողիկոսի օրով եւ իր լրումին հասած է Երանաշնորհ Պետրոս Ա. Սարաճեան հայրապետին ջանքերով: Այս տօնը կանխող շաբթուան ամբողջ օրերուն, Մայր տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենան յատուկ արարողութիւններ, իսկ շաբաթ ու կիրակի օրերուն կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ:

Եօթը տարին անգամ մը տեղի ունեցող միւռոնօրհնութեան արարողութենէն բացի, արիւնով ու քրտինքով պահուած Լուսաւորիչի օրհնաբաշխ Սուրբ Աջը տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ իր արծաթապատ արկղէն դուրս կու գայ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները զանազան քաղաքներէ կու գան Անթիլիաս` ժամադրուելու անոր հետ եւ ստանալ Սուրբին օրհնութիւնը:

Գալստեան կիրակիի Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք կը կազմուի մեծահանդէս թափօր, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, քահանաներու եւ դպրեվանքի սաներուն: Թափօրը կը սկսի Մայր տաճարէն ու ամբողջ կաթողիկոսարանին շրջափակը դառնալով կը վերադառնայ տաճար, հայ ժողովուրդի բարեպաշտ զաւակներուն վրայ ծփալով որպէս ամպհովանի: Ապա Մայր խորանին վրայ տեղի կ՛ունենայ ջրօրհնէք, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին: Աւարտին, բոլոր հաւատացեալները կը համբուրեն Ս. Աջը, ու կը խմեն օրհնուած ջուրէն, որ հաւատքով ըմպողին հոգիին եւ մարմնին առողջութիւն կը պարգեւէ:

Այս Ուխտի օրուան առիթով, Լուսաւորիչի Ս. Աջին կողքին կաթողիկոսարանիս գանձատունէն դուրս կը բերուին Ս. Նիկողայոս եւ Ս. Սեղբեստրոս հայրապետներու աջերը, Ս. Պարսամ ճգնաւորին աջը, Քրիստոսի Ս. խաչափայտէն մասունք մը եւ այլ մասունքներ, ինչպէս` Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, Ս. Յակոբ Մծբնացիի, Ս. Յովհան Ոսկեբերանի եւ այլ մասունքներ, որոնք միաբան հայրերուն ձեռքերով թափօրին մաս կը կազմեն` օրհնութիւն բաշխելով բարեպաշտ ժողովուրդին:

12 մարտ 2007-ը պատմական օր որպէս արձանագրուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, երբ Սուրբ աթոռիս արժանընտիր գահակալ` Արամ Ա. կաթողիկոսին գեղեցիկ մտայղացումով, Մայր տաճարին հիւսիսային կողմը` Սուրբ Երրորդութեան խորանին առջեւ, զետեղուեցաւ մեր Երկրորդ Լուսաւորիչի մասունքէն նշխար մը: Այս քայլը առիթ ընծայեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի անոնք ամէն օր վայելեն Սուրբ Գրիգորի օրհնութիւնը, որուն առջեւ ծնրադիր աղօթող հաւատացեալը Սուրբին բարեխօսութեամբ կը վերանորոգէ իր հոգեւոր ուխտը Աստուծոյ հետ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պահապանն է հայ ժողովուրդի մեծագոյն Սրբութեան` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին: Լուսաւորիչի Աջը Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու անմիջական հովանաւորութիւնը ու պաշտպանութիւնը վայելած է: Այս սրբազան մասունքը ճակատագրակից դարձած է մեր աթոռին, նոյնիսկ պատմութեան ամէնէն դժնդակ պահերուն, եւ տարագիր մեր ժողովուրդին հետ հասած Անթիլիաս: Սուրբ Լուսաւորիչի Աջը այդ օրէն սկսեալ դարձաւ Լոյսի աղբիւր աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին եւ Անթիլիասը դարձաւ Անոր ոգեղէն արկղը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES