Լուսաւորիչի Աջը` Հայ Ժողովուրդի Փրկութեան Վահանը

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱԲՂ. ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ուխտն ու ուխտի օրերը` որպէս կրօնական  բարեպաշտական սովորութիւններ եւ հաւատքի արտայայտութեան ոճեր, անբաժան եղած են հայ ժողովուրդի եկեղեցական կեանքէն: Ուխտը սիրտին ու հոգիին բարի ցանկութիւններուն գոհացում կը պատճառէ, իսկ ուխտի օրերը քրիստոնեայ անհատը կը մղեն բարեգործութեան:

Համաձայն հայ բառարաններու, ուխտ բառը հետեւեալ իմաստներով կը բնորոշուի.-

Առաջին.- Վանական միաբանութիւններ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած կ՛ըլլան կրօնական եւ կամ այլ նպատակներու.
Երկրորդ.- Սրբավայր, վանք կամ մենաստան.
Երրորդ.- Հաստատ խօսք եւ նուիրական որոշում (խոստում, երդում).
Չորորդ.- Իղձ կամ փափաք.
Հինգերորդ.- Փոխադարձ համաձայնութիւն, դաշինք (Աստուած-մարդ եւ կամ մարդ-մարդ):

Ուխտ կը կոչուին նաեւ Աստուածաշունչի երկու մասերը, Հին Ուխտ եւ Նոր Ուխտ, Աստուծոյ նախաձեռնութեամբ` Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ կնքուած Հին Դաշինք եւ Նոր Դաշինք իմաստով:

Կրօնական իմաստով, ուխտը Աստուծոյ հետ կնքուած դաշինքի վերանորոգման ձեւ է, որ կարելի է իրագործել աղօթքի միջոցով.-

Ա.- Անհատական.- Անհատական ուխտերը թէեւ անհատական նախաձեռնութիւններով ու որոշումներով ծնունդ կ՛առնեն, սակայն հակառակ չեն եկեղեցական կանոններուն, ընդհակառակը, եկեղեցին զանոնք կը նկատէ աստուածահաճոյ եւ գովելի արարքներ: Օրինակ` մարդիկ կ՛ուխտեն որոշ ժամանակաշրջան մը պահեցողութեամբ եւ ծոմապահութեամբ անցընել` իրենց անձերուն կամ ոեւէ մէկ սիրելիի բժշկութեան համար. ոմանք ալ կ՛ուխտեն աղքատներուն օգնել, անոր փոխարէն Աստուծոյ անսահման ողորմութիւնն ու պաշտպանութիւնը հայցելով. ի վերջոյ, մարդիկ, առաւելաբար հին ժամանակաշրջանին, կ՛ուխտէին իրենց զաւակներուն մազերը չկտրել մինչեւ որոշ տարիք: Անհատական նման ուխտեր մարդիկ իրենք է, որ կը կնքեն Արարիչին հետ: Անհատական ուխտերը, վերջնական նպատակ ունին Աստուծոյ պահպանութիւնը վայելել ու երկնային շնորհներով զարդարուիլ այս աշխարհին մէջ, նաեւ ձգտիլ երկնային բնակութեան: Բարեսրտութիւնը, աղօթքն ու հաւատքը անհրաժեշտ են ուխտաւորին համար, սակայն ուխտի փափաքին իրագործումը, Աստուծոյ արդար դատաստանին ու նախախնամութեան կը մնայ: Յաճախ մեր մարդկային ակնկալութիւններէն տարբեր ձեւերով պատասխան կը ստանանք մեր խնդրանքներուն համար, սակայն հաւատքը մեզ հաւաստիացում կու տայ, թէ Աստուած անպատասխան չի ձգեր բոլոր անոնք, որոնք հաւատքով կը դիմեն Իրեն, ինչպէս Աւետարանը կ՛ըսէ. «Ինչ որ հաւատալով խնդրէք` պիտի ստանաք» (Մտ. 21.22): Ուստի անհրաժեշտ է, որ մենք մեր ուխտը հաւատքով կնքենք:

Բ.- Հաւաքական.- Հաւաքական ուխտ կատարելու բարեպաշտական սովորութիւնը մեզի հասած է առաջին դարու քրիստոնեաներէն, որոնք Սուրբ Յարութեան եւ այլ Տէրունի տօներուն, հաւաքաբար ուխտի կ՛երթային Երուսաղէմ, տեսնելու համար Քրիստոսի կեանքին հետ կապ ունեցող սրբավայրերը` Բեթղեհէմը, Գողգոթան եւ այլ սրբավայրեր, ուր աղօթք բարձրացնելով` Աստուծոյ հետ ուխտ կը կնքէին: Աւելի ուշ, Երուսաղէմի սրբազան վայրերէն բացի, ուխտավայրեր վերածուեցան որոշ վանքեր, եկեղեցիներ, սուրբերու վկայարաններ եւ այլն: Հաւաքաբար կատարուող ուխտերը, կը պարունակեն ուխտագնացութեան ժողովրդային բարեպաշտական ազնիւ ու վսեմ գաղափարներ. մարդիկ ուխտագնացութեամբ, հետիոտն կ՛երթան սրբավայրեր, միաժամանակ աղօթքի, ապաշխարութեան եւ ինքնաքննութեան նուիրուելով: Մեր ժամանակներուն ուխտի առիթներ դարձած են եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրերը. օրինակ, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, Պիքֆայայի դպրեվանքին ուխտի օրն է. հաւատացեալներ հետիոտն կը բարձրանան դպրեվանք, Աստուծոյ հետ իրենց կատարած ուխտին իրականացման խոր հաւատքով, Սուրբ Կոյսը համարձակ բարեխօս ունենալով: Ուխտաւորներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` ներկայ գտնուելով ուխտի օրուան արարողութեանց ու աղօթքներուն, իրենց հոգեւոր ծարաւը յագեցնելով:

Այս կիրակի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտի օրն է, ի յիշատակ մեր Հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մտնելուն: Հայոց գորովագութ հոգեւոր ծնողը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, դարձաւ «քնար քաղցրախօս աստուածային հոգւոյն» եւ աստուածային հուրով  կռապաշտութեան սառը հալեցուց ի Հայաստան աշխարհ: Ճշմարտութեան եւ լոյսի առաքեալը` զՔրիստոս իր կեանքին տիպարը ունենալով, յանձն առաւ մարմնին սպառնացող բոլոր չարչարանքները հայոց ազգին լուսաւորութեան ու փրկութեան ի խնդիր: Սուրբը, թէեւ մահացաւ, սակայն ազգ մը ամբողջ լուսաւորեց Քրիստոսի լոյսով եւ անոր յաղթանակին մեծագոյն ապացոյցն է այսօր մեր սուրբ եկեղեցին իր նուիրապետական Ս. աթոռներով` ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքով, իր ազգընտիր գահակալով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետով, որուն շուրջ համախմբուած Կիլիկեան ուխտին միաբանները նորին սրբութեան օրինակին եւ անոր տուած թելադրութիւններուն եւ ուղղութիւններուն հետեւելով, կը շարունակեն վառ պահել Լուսաւորչեան կանթեղը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտի օրը առիթ է անսկիզբ լոյսը` զԱստուած օրհնելու եւ մեր ուխտը, բարի ցանկութիւններն ու իղձերը ներկայացնելու Աստուծոյ` Ս. Գրիգորը բարեխօս ունենալով: Ս. Հայրապետին Աջը, մեր խնդրանքները Աստուծոյ մօտ բարձրացնելու ընդունակութիւնն ունի եւ մեր փրկութեան վահանն է. մեզի կը մնայ, դիմե՛լ անոր, ստանալ անոր օրհնութիւնը, եւ անոր ընդմէջէն հայիլ դէպի երկինք ընդունելու համար ամենաբարի Աստուծոյ բիւր օրհնութիւններն ու շնորհքները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES