Յետգրութիւն` Պարոն Սըրին…

Զ. Թ.

If you can dream—and not make dreams your master;
If you can think—and not make thoughts your aim,
If you can meet with Triumph and Disaster…
Yours is the Earth and everything that’s in it,
And – which is more – you’ll be a Man my son!

                                              Rudyard Kipling

Սըրին նախասիրած բանաստեղծութիւնն էր Ռուտիըրտ Քիփլինկի հանրածանօթ «If»-ը` «Եթէ»-ն: Քանի մը տող այդ բանաստեղծութենէն նշելով` լաւագոյն ձեւն է թուղթին յանձնել իր մասին տեղեկութիւններ:

Սո՞ւգ, արտասո՞ւք… Ո՜չ յուզուելու, արտասուելու, աչքեր արցունքոտելու գրութիւն մը չէ այս մէկը, այլ իր դէմքին անբաժանելի թեթեւ ժպիտն է, որ պիտի ստեղծենք, նաեւ ակնածանք, յարգանք, հաճելի յուշեր ու պատառիկներ` տիպարի մը, որ վերջին տարիներուն, իր յառաջացած տարիքին պատճառով գրեթէ աննշմար (հաւանաբար իբրեւ անգլերէնի փորձառու ուսուցիչ, պիտի մերժէր, եթէ այս կացութիւնը բացատրէինք իբրեւ` oblivion) էր եւ կազմ ու պատրաստ` մեկնելու:

Զինք լաւ ճանչցողը կարիքը չունի կարդալու այս post scriptum` յետգրութիւնը, սակայն գոյութիւն ունի նոր սերունդ մը, որ չի ճանչնար այս «բրիտանահայ» ուսուցիչը: Փորձենք ծանօթացնել` բազմիցս եւ դիտմամբ օգտագործելով իր դասաւանդած լեզուն:

Առաջին հերթին, երբեք զարմանալի չէ, որ տարիներ շարունակ անգլերէն դասաւանդած Սըրին մասին մեսրոպաշունչ լեզուով գրուի: Ընդհակառակը, իրեն համար գոհունակութիւն մըն է այդ մէկը, որովհետեւ ան շարունակ կը շեշտէր, թէ իր դասաւանդած լեզուին պէտք էր լաւապէս տիրապետել` առանց երբեք մոռնալու մայրենի լեզուն: Եւ այդ գծով ալ շարունակ կը կրկնէր, նոյնիսկ հաւատալով, թէ կարելի էր հայերէն կարգ մը բառեր իւրացուէր շէյքսփիրեան լեզուին մէջ: Օրինակի համար, ամէն տարի ան միշտ ալ առիթը կ՛օգտագործէր` նշելով, թէ բրիտանացիք, նոյնիսկ իրենց թերթերուն մէջ yogurt-ի փոխարէն, նշած են «մածուն» (madzoun) բառը: Եւ այդ դեղնած ու արխիւային արժէք ունեցող, 1940-ականներուն մկրատով մը կտրուած թերթը կը շրջէր տարուէ տարի, դասարանէ դասարան… բազմիցս կրկնուելով:

Մենք դասարան չէինք կրկնած, մածունն ալ չէր թթուած… indeed, այլ պարզ ու մեկին madzoun բառով օժտուած «Եունիըն Ճեք»-ի երկրէն, մասունքի մը նման պահուած թերթին ցուցադրման արարողութիւնն էր, որ մեծ խանդով կը կրկնուէր իր տիրոջ կողմէն:

Հանդարտ քայլերով, այդ հասակաւոր մարդը խիստ էր, սակայն միեւնոյն ժամանակ` այնքան բարի եւ ծառայասէր, որ շփոթ կը ստեղծէր աշակերտին մօտ: Ոչ թէ միայն գիշերօթիկ էր Սըրը, այլ նաեւ` անոնց պատասխանատուն: Հետեւաբար անգլերէն սորվեցնելը չէր միայն Սըրին պարտականութիւնը, այլ կար գիշերօթիկնոց մը ղեկավարելու դժուար պարտականութիւնը, որ ան ամենայն սիրայօժարութեամբ կը կատարէր, գէթ երբեմն, սպասուածէն շատ աւելի գուրգուրանք ցուցաբերելով:

Սրամիտ էր Սըր, այդ ալ` իւրայատուկ բրիտանական սրամտութեամբ մը օժտուած:

Այսպէս, երբ օր մը իր աշակերտներուն հետ միասնաբար հիչքոքեան ժապաւէն մը դիտելու գացած էր, այդ դժուար ու ակնթարթային «սըսփենս» պահուն, յանկարծ ան բարձր ձայնով սկսած էր խնդալ, եւ այդ ալ` այնքան բարձր, որ զարմացած էինք մենք եւ անշուշտ` սրահէն ներս տեղ գրաւած միւս անծանօթները: Իրաւունք ունէր ան խնդալու, որովհետեւ միայն ինք` Սըրը նկատած էր, թէ ժապաւէնին հանրածանօթ բեմադրիչը` Ալֆրետ Հիչքոքը, անակնկալօրէն մուտք գործած էր ոստիկանատուն, իբրեւ երկրորդական դեր ստանձնած ոստիկան եւ իւրայատուկ հիչքոքեան շարժումով սրամտութիւն մը մտցուցած էր այդ վախազդու վայրկեաններուն մէջ:

Միեւնոյն բեմագրութիւնը կրկնուեցաւ կէս ժամ ետք, այս անգամ Սըր շուտով նկատած էր, թէ այդ նոյնինքն «Frenzy» ժապաւէնին օգտագործուած էր այս անգամ Հիչքոքի շուքը: Այսպէս էր բառին բուն իմաստով եւ գրութեամբ «Սըրամիտ» Սըրը, որ երբ աշակերտ մը զինք պարոն Սըր կոչէր, շուտով հարց կու տար.- «Կրնա՞ս անգլերէնով ըսել պարոն Սըր»… Աշակերտը շուտով կը գիտակցէր, թէ լեզուական-լեզուաբանական ծուղակի մը մէջ ինկած է:

Գերբծախնդիր էր Սըր: Եթէ այդ օրերու Ճեմարանի հայրիկ Սերոբը ողջ ըլլար, կրնար այս մէկը լաւապէս նկարագրել: Այնքան առատաձեռն մեր աննման  Սերոբը, որ նոյնիսկ դրամ չէր սիրեր հաշուել, ստիպուած էր Սըրին լեպնիի (ներողութիւն` չոր մածուն, այդպէս կը կոչէր Սըր) սանտուիչին մէջ, մէկ-մէկ հաշուելով, միայն վեց հատ ձիթապտուղ զետեղել… Խեղճ մարդը քանի մը անգամ ազդարարութիւն ստանալէ ետք ենթարկուած էր հրահանգին եւ դարձած` հլու կամակատար:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած էր, որ Սըր մնացած էր կրթօճախին միակ գիշերօթիկը: Անոր յաւելեալ պարտականութիւն տուած էին Արեւմտեան շրջանի մէջ գործող Ճեմարանէն ներս: Սակայն այս բոլորը պատճառ դարձած էին, որ աւելի սերտ յարաբերութիւն մը ստեղծուի աշակերտներուն եւ Սըրին միջեւ: Նոյնիսկ դասապահի աւարտէն ետք, յաճախ կ՛այցելէինք Սըրին եւ կը փորձէինք անգլիական-բրիտանական արդի արժանիքներուն մասին խօսիլ: Յանդգնօրէն կ՛ուզէր դուրս գալ իր դասական իրավիճակէն եւ հասկնալ արդին: Այդպէս ալ եղաւ…: Թէեւ «Beatles» քառեակին անդամները արդէն իսկ ցիր ու ցան եղած էին, եւ Սըր, որ տարիներ շարունակ փորձած էր հեռու մնալ անոնց ստեղծած գործերէն, սկսած էր որոշ հասկացողութիւն ցոյց տալ:

Իբրեւ պատանի եւ նոր սերունդի անդամներ` համոզած էինք Սըրը, թէ Լիվըրփուլի այդ առասպելական քառեակին գործերէն մէկը` «Eleanore Rigby»-ն, հակառակ բանաստեղծական կշռոյթ չունենալուն, նոյնքան ազդեցիկ է, որքան վերոյիշեալ Քիփլինկի կոթողական գործը կամ իր նախընտրած բրիտանական դասական Հենրի Փըրսըլի գործերը: Քանի մը օր ետք, Սըր յուզուած եւ կարմրած աչքերով, ոչ թէ միայն կ՛ուզէր միասնաբար կարդալ այդ երգին բառերը, այլ նաեւ` ունկնդրել թաւջութակի քնքուշ մեղեդիով օժտուած այդ առանձնութիւն նկարագրող երգ-քայլերգը, որ նոյնքան ազդեցիկ էր, որքան վերոյիշեալ Փըրսըլի «Oh Solitude» գործը, մեկնաբանութեամբ հանրահռչակ Ալֆրետ Տելըրի (Սըրին նախասիրածը): Եւ այսպէս, սկսած էինք Սըրն ալ «Beatlemania»-ով հմայել: Նոյնիսկ աւարտական տարիներուն յանդգնած էինք այդ քառեակի երգերէն ներշնչուելով` փորձ- գրութիւններ պատրաստել… Այսպէս, «Penny Lane»-ին մէկ նմանօրինակը պատրաստած էինք` իբրեւ տիպար ունենալով Զոքաք Պլաթի մեր դրացի հայախօս սափրիչ Մուսթաֆան (որ ակնածանքով եւ յարգանքով կ՛արտայայտուէր Սըրին մասին), եւ աւելի վերացական խորութեան մէջ մուտք գործելով` երեւակայած էինք «A Day in the Life» մը… Այդ օրերուն քարուքանդ եղած Պէյրութի մէջ: Եւ դեռ յանդգնիլ Լուիս Արմսթրոնկի գլուխ գործոցին` «What a Wonderful World»-ին մասին խօսիլ… Չէ՜,  աշխարհը այդչափ ալ հրաշալի չէր թէ՛ Սըրին եւ թէ՛ մեզի համար:

                                            ***

Արեւմտեան Պէյրութի դպրոցական օրերուն ապահովական պայմանները այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած էին, որ զբօսանքները, դասարաններու մուտքի  սրահէն ներս կը կատարէինք եւ ուսուցիչ ու աշակերտ միասնաբար կ՛ըլլային: Հայերէնի ուսուցիչ Մուշեղ Իշխան մտահոգութեամբ ու սրամտութեամբ կ՛ըսէր Սըրին. «Ճիշդ լեզուն ընտրած ես: Ապագադ փայլուն է: Իսկ մենք ալ կը փորձենք ալիքին դէմ պայքարիլ եւ հայերէն սորվեցնել»: Սըր կը փորձէր ինքզինք արդարացնել, թէ ամէն գնով կը պայքարէր, որ ազգային պատկանելիութիւնը ամուր մնայ:

Հոս` հետաքրքրական փակագիծ մը. Մ. Իշխանն է, որ հայերէնի թարգմանած է Սըրին նախընտրած բանաստեղծութիւնը` «If»-ը վերածելով «Եթէ»-ի:

Մ. Իշխանին հետ Սըրին ունեցած այս զրոյցին ժամանակ յանկարծ աշակերտ մը նորէն կը շուարէր եւ կը կրկնէր. «Բարեւ պարոն Սըր»:

Ան պաղարիւնութեամբ մը կը պատասխանէր. «Պարոնը այս դիմացի ուսուցիչն (ցոյց տալով Մ. Իշխանին) է, իսկ Սըրը ես եմ… Բախտաւոր ես, մատամն ալ հիմա հասաւ»… Ֆրանսերէնի ուսուցչուհի Եոլանտ Աճեմեանը այդ վայրկեանին ժամանած էր, ու շուտով եւ մեծ ախորժակով միացած էր զրոյցին: Ճեմարանի երդիքին տակ Պարոնը, Սըրն ու Մատամը յատուկ անուններ էին:

                                  ***

Մնանք լեզուական-լեզուաբանական բնագաւառին մէջ:

Այդ օրերուն հանրածանօթ էր բրիտանական «Mind Your Language» պատկերասփիւռի համար պատրաստուած շարքը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած աշակերտներ կը փորձէին անգլերէն լեզուին լաւապէս տիրապետել: Well… Նմանօրինակ կացութիւն մըն ալ ստեղծուած էր ութսունականներու սկիզբը, Ճեմարանի մէջ, երբ Իրանէն ժամանած երիտասարդներ, հայագիտութեան կողքին, Սըրի դաստիարակութեամբ պիտի սորվէին անգլերէն:

Սըրին համար դժուար եղաւ այս մէկը:

 

«Ardash, there is no music in english …just pronounce or say.- Good Morning».

Արտաշին համար յաջորդ առտու կրկին երաժշտախառն «Կուտ մոռնի՜նկ»-ն էր դիմաւորման կարճ պատարագը… հեռու Ռապին Ուիլիըմսի այդ բարձրաձայն «Good Morning Vietnam»-էն:

Երբ Սըր հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Արտաշին բարի լոյսը նորէն երաժշտական բնոյթ ունէր: Արտաշ զարմացած ըսաւ. «Պարոն Սը՜ր, ոչ կը նուագե՜մ, ոչ ալ կ՛երգե՜մ: Երբեք կապ էլ չունե՜մ երաժշտութեան հետ… Չեմ հասկանա՜յ… Ախր,  ձայն էլ չունեմ»: Մոցարթեան «ցերեկային (այս պարագային ո՛չ գիշերային) փոքր երաժշտութիւնը վերածուած էր համանուագի… Այդ ալ ի՜նչ` շուպերթեան անաւարտ  համանուագ:

Յաջորդ առտու` կրկին. «Կուտ մոռնի՜նկ»: Սըր յանձնուած էր կացութեան եւ իր կարգին «Good Morning» ըսելէ ետք, կը փորձէր չլսել Արտաշին երաժշտախառն պատասխանը:

***

Արդէն իսկ լեզուաբանական ոլորտէն փոխադրուած ենք երաժշտական բնագաւառ:

Ժամավաճառութիւն էր Սըրը համոզել, որ դասական երաժշտութեան իր նախասիրած երաժիշտը` Եորկ Ֆրիտրիշ Հենտըլը գերմանացի էր եւ ոչ թէ բրիտանացի: Եւ ան մանրամասնօրէն կը տեղեկացնէր, թէ ան «Watermusic» գործը պատրաստած էր Ճորճ Ա. թագաւորին ժամանակ եւ ձօն մըն էր Լոնտոնի Թայմզ գետին, իսկ «Fireworks»-ը` տօնական բնոյթ ունեցող հրավառութիւն մըն էր նշելու համար Աւստրիոյ 1749-ի պատերազմը, Ճորճ Բ. թագաւորի ժամանակ: Վերջապէս «Messiah»-ին մասին անդրադառնալով` անոր համար պարզ էր, թէ շէյքսփիրեան լեզուով էին այդ կոթողական գործին երգուած ու խմբերգուած աղօթքներն ու պատարագը:

Նոյնիսկ միջամտութիւն մը, մեր այդ օրերու շնչող Wikipedia-ին` Մանուշակ Պոյաճեանի (Լիբանանի պետական ձայնասփիւռի կայանի պատասխանատու եւ ուսուցչուհի, ապա Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարանի  վաղամեռիկ տնօրէնուհի) կողմէ, ոչ մէկ կարծիքի փոփոխութիւն պիտի յառաջացնէր: Անդրդուելի Սըրին համար Գերմանիա ծնած եւ ապա Բրիտանիա ժամանած եւ հոն ալ քաղաքացիութիւն ստացած երաժիշտը պարզապէս բրիտանացի էր եւ կը կոչուէր Ճորճ Ֆրիտրիք Հանտըլ եւ… վերջ:

***

Անցեալ դարուն բոլոր հայորդիներս զանազան հանդիսութիւններու եւ յատկապէս ապրիլեան ձեռնարկներու ժամանակ «Արդարութիւն» կը բացագանչէինք ու կը պահանջէինք: Աւելին գոյութիւն չունէր: Ցայսօր միեւնոյն սխալն ու ժուժկալութիւնը բազմիցս կը կրկնենք: Սըր  հազուագիւտ անձերէն էր, որ կ՛արտայայտուէր «Հատուցում»-ին մասին եւ այդ ալ` 1970-80-ականներուն, հաւանաբար աւելի առաջ ալ: Իր մորթին վրայ զգացած էր, մանաւանդ որ իր տրամադրութեան տակ ունէր օսմանեան օրերէն մնացած փաստաթուղթեր, թէ ինք սեփականատէրն է այժմ օդակայանի վերածուած Ինճիրլիքի հողաշերտի մէկ մասին:

Այսպէս էր այդ գթասիրտ մարդուն պահանջատիրութիւնը: Բնականաբար այս հողային պահանջատիրութեան դիմաց անտեղի է դասական «Հանգչի՛ր… հողը թեթեւ գայ վրադ»-ով մը աւարտել այս գրութիւնը: «Վարձքդ կատա՞ր», Ո՛չ… Ան վարձակալ ալ չէր:

                                       ***

Աւարտենք իր նախասիրութիւններով ու երազներով: Չըրչիլն էր Սըրին նախասիրած տիպարը: Իր քայլուածքն ու հագուածքն ալ կը յիշեցնէին Բրիտանիոյ պատմութիւն կերտած վարչապետը, եւ այդ պատճառով ալ ան ակնածանքով կը նկարագրէր, թէ հայազգի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշ ինչպէս օր մը անակնկալի բերած է բրիտանացի վարչապետը եւ արագ բերնէն վար առնելով անոր անբաժանելի սիկարը` կրցած էր յաւերժացնել զայրացած Չըրչիլի տիպարը:

Չըրչիլ եւ անշուշտ… «Ռոլս-Ռոյս»: Սակայն երբ հարց կու տայինք, թէ քանի այդչափ սէր ունէր այդ ինքնաշարժին հանդէպ, փոխարէն ինչո՞ւ պահած էր խարխլած «Սիմքա»-ն: Պատասխանը` «Եթէ»-ական է, Քիփլինկի այդ գործին վերոյիշեալ առաջին տողը: Սըրին համար իրապաշտ կեանքն ու երազը տարբեր բեւեռներ էին:

Ի դէպ, զանգը չհնչած` յետգրութիւն մըն ալ… Որքա՜ն հետաքրքրութեամբ Սըր պիտի կարդար դեռ վերջերս` Մանհաթընի մէկ կորսուած տնակի մը մէջ, երեւան ելած Քիփլինկի տասնեակ մը փոշիածածկ բանաստեղծութիւնները:

Այժմ հրաժեշտի ժամանակն է: Սըրին դասաւանդած լեզուին վերադառնանք: «Closing Time», «Hey That’s no way to say Goodbye»… Ինչպէս քանատացի բանաստեղծ-երգիչ Լենըրտ Քոէն կը յայտնէ իր գործերուն մէջ:

Our Sir is dead… Long live our Sir

Պոսթըն – Մասաչուսեց

 

Share this Article
CATEGORIES