«Անվեղար Կղերական» Սըրը

ՍՕՍԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
(Սըրին աշակերտուհիներէն)

Բարեսիրտ, գուրգուրոտ, ծառայասէր եւ ժպտուն, շատ սիրելի բոլոր անոնց համար, որոնք ճանչցած են զինք` որպէս մեծ ընկեր, ընկեր աշակերտ:

Երբ Սըրը դասարան մտնէր, իր բարի, անմեղ ժպիտէն հմայուած` կատարեալ լռութիւն կը տիրէր:

Սըրին յիշատակները շատ են. եթէ պատմենք, գիրք մը կարելի է լեցնել:

Սըրը որպէս բարութեան մարմնացում` մեզ կը ներշնչէր, որ կեանքը այդքան ալ դառն չէ, կրնանք իր կողքին ըլլալ եւ հոգեպէս հարստանալ, զգալ, որ կեանքը գեղեցիկ է, ուր կան ոչ միայն չարութիւն, դաժանութիւն, անարդարութիւն, այլ կայ նախ ու մանաւանդ մարդկային ոգեղինացած մթնոլորտ:

1992. Հայաստան. շրջափակում. Արցախի մէջ մարտեր կ՛ընթանան. Շուշի քաղաքը կ՛ազատագրուի, երիտասարդ տղաք կը նահատակուին կամ կը վիրաւորուին: Թաղումներ. վիրաւորներ` հիւանդանոցներուն մէջ: Գաղթականներ եւ ուսանողներ կան, որոնք անօթի են եւ օճառ մ՛իսկ չունին, որպէսզի մաքրուին: Հայաստանի Օգնութեան Խաչը, ուրիշներու կարգին, պէտք է հասնի տուժածներուն` անկարելին կարելի դարձնելով:

1992-ի ամրան Պէյրութ ենք. Սըրին կը հանդիպիմ: Բնականաբար մեր խօսակցութեան նիւթը Հայաստանն էր: Սըրը անմիջապէս գումար մը տուաւ, որ երբ վերադառնամ Հայաստան, յանձնեմ արժանի անձի մը:

Կարիքը մեծ էր, որո՞ւ կրնայի տալ այդ գումարը, որ Սըրին հոգին գոհանար եւ անոր ազնուասիրտ հոգէաշխարհին համընկնէր: Բաւական մտածեցի, բայց չէի համարձակեր օգտագործել գումարը:

Երեւան. 1992. աշուն: Տունն եմ: Չեմ յիշեր` ինչո՞ւ գործի չէի գացած: Ցուրտ օր մըն էր, հեռաձայնի գիծը անկանոն էր: Յանկարծ (զարմանալի) տան հեռաձայնը հնչեց, գրող Ռազմիկ Դաւոյեանն էր, Համազգայինի գրասենեակէն կ՛իմացնէր, որ երիտասարդ փիլիսոփայութեան ուսանող մը նիւթական շատ մեծ դժուարութեան մէջ էր: Մանկատունէն ելած էր: Արդեօ՞ք ՀՕԽ-ը կրնար օգտակար ըլլալ:

Առանց տատամսելու` Սըրին տուած գումարը առի եւ ուղղուեցայ Համազգայինի գրասենեակ, հասայ հեւալով, կարծես մեծ բեռ մը վրայէս պիտի երթար:

Ծանօթացայ ու յանձնեցի գումարը շատ վատ պայմաններու տակ, հանրակացարանի մէջ բնակող երիտասարդին: Ոչինչ ունէր. խոստացայ, որ ՀՕԽ-ի մեր մասնաճիւղը պիտի հայթայթէր անհրաժեշտ պարէն, առտնին իրեր, հագուստեղէն: Հանրակացարանի հեռախօսի համարը առի, որպէսզի կապուիմ հետը, երբ ամէն ինչ պատրաստ ըլլայ:

Երիտասարդը եկաւ մեր տուն` ստանձնելու համար մեր պատրաստած արկղները:

Լրիւ փոխուած անձ մըն էր, ունէր բաճկոն, զոր կեանքին մէջ առաջին անգամ կը հագնէր:

Սըրին տուած գումարէն գնեցի այս «քասթիւմը»,  այս շալվարն ու բաճկոնը,- ըսաւ ան շատ ուրախ եւ գոհունակ:

Հետագային այդ երիտասարդը դարձաւ Հայաստանի հեռուստատեսութեան լրագրող, ամուսնացաւ եւ ընտանիք կազմեց:

Բնականաբար Սըրը տեղեակ եղաւ այս բոլորէն:

Տարիներ անցան. երբ Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութիւնը կազմակերպեց հանդիպում մը` Սըրը պատուելու համար, մեր ընկերներուն պատմեցի այս դէպքը: Սըրը, որ հոն էր, զարմացած ըսաւ.

– Ե՞ս տուի այդ գումարը:

Այսպէս էր մեր սիրելի անվեղար, անբասիր կղերական Սըրը: Կ՛օգնէր եւ ծովը կը նետէր:

 

Պէյրութ, 3 փետրուար 2013

Share this Article
CATEGORIES