Դասագիրքերու Պատրաստութեան Խորհրդակցական Հանդիպում

Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատան հրաւէրով, երեքշաբթի, 12 մարտին տեղի ունեցաւ  հայերէնով դասաւանդուող դասագիրքերու պատրաստութեան նոր ծրագիրներու մշակման յատկացուած խորհրդակցական հանդիպում մը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հայ առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական, ինչպէս նաեւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսումնական եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչները:

Առաջին առիթով Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնութեան կողմէ ներկայացուեցաւ ընդհանուր զեկուցում մը` այս մարզին պարզած այսօրուան կացութեան եւ մարտահրաւէրներուն մասին, ապա խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան կրթական ընդհանուր եւ համապարփակ քաղաքականութեան մը հիման վրայ  դասագիրքերու պատրաստութեան եւ այլ դասագիրքերու վերանայման անհրաժեշտութեան վրայ: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ արդի արհեստագիտական մօտեցումները մշակուելիք ծրագիրին մէջ ներառելու առաջադրանքին վրայ:

Մասնակիցները շեշտեցին, որ նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այս մարզը պէտք է արժանացնել հաւաքական ու միացեալ զօրակցութեան եւ միաւորել բոլոր ճիգերն ու ներդրումները:

Որոշուեցաւ խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ  առաջնահերթութեանց ճշդումով ընթացք տալ այս աշխատանքին: Հանդիպումը քննարկեց նաեւ այս մարզին առնչուած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն հետ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Առաջարկուեցան նաեւ գործնական քայլեր` այս աշխատանքին տալու հետեւողական եւ արդիւնաւէտ բնոյթ:

 

Share this Article
CATEGORIES