«Գիշատիչներու Խրախճանքը» Թատրերգութեան Ներկայացումները Սկսան

(Լուսանկարը` PHOTO LUNA-ի)

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Գիշատիչներու խրախճանքը» թատրերգութեան ներկայացումները սկսան երէկ` ուրբաթ, 15 մարտին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Արդարեւ, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, իր շուրջ համախմբելով գաղութի ծանօթ երիտասարդ դերասանները, յաջողած էր հանդիսատեսին փոխանցել նիւթին խորքն ու իմաստը, ուրախութեան եւ տխրութեան ապրումները, սպասումի եւ մտահոգութեան զգացումները:

Անհրաժեշտ է նշել, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնենք Ռոպերթ Առաքելեանը բեմին վրայ` իբրեւ դերասան, երբ միեւնոյն ժամանակ բեմադրիչն է:

Ռ. Առաքելեանի կողքին դերեր ստանձնած են Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Յաւերժ Շխրտըմեան Նժդեհ Մկրտիչեան, Արմիկ Քերքեզեան, Պարգեւ Սամուէլեան, Ճորճ Այիթեան եւ Նարեկ Առաքելեան:

Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին այսօր` շաբաթ (կալա), վաղը` կիրակի, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ուրբաթ, 22 մարտ, շաբաթ, 23 մարտ եւ կիրակի, 24 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES