Սրբազան Համերգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Հինգշաբթի, 14 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Մեծ պահքի առիթով տեղի ունեցաւ սրբազան համերգ` հովանաւորութեամբ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին:
Սրբազան համերգին ելոյթ ունեցան հինգ միաբան հայրեր եւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ եւ «Շնորհալի» երգչախումբի խմբավար Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:
Համերգին ընթացքին կատարուեցան աստուածաշնչական ընթերցումներ եւ Մեծ պահքին նուիրուած շարականներ ու հոգեւոր երգեր: Մոմերու պարզած խորհրդաւոր լոյսին ներքեւ ներկաները վայելեցին անցեալէն ժառանգ մնացած հոգեմտաւոր հարստութիւնները, վերաթարմացուցին իրենց հոգին ու միտքը եւ հաղորդուեցան հոգեւոր արժէքներով:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով յիշեցուց, թէ ինչքա՛ն անհրաժեշտ են մեզի համար այսպիսի հոգեպարար երեկոները եւ ըսաւ. «Այս երեկոն հոգեպարար էր բառին վաւերական եւ ամբողջական իմաստով: Այսպիսի առիթներ մեր կեանքը կը լիցքաւորեն հոգեւոր արժէքներով: Այս սրբազան շարականներուն ընդմէջէն մեզի պատգամ կայ, որ կը թելադրէ կառչի՛լ մեր արմատներուն, կառչի՛լ մեր հոգեւոր արժէքներուն` կեանքի փորձութիւններուն դիմաց»: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ դպրեվանքի կարեւորութեան` ըսելով. «Անթիլիասը սոսկ վայր չէ, Անթիլիասը առաքելութիւն է: Եւ այդ առաքելութիւնը կը սկսի դպրեվանքէն, ուրկէ եկած են միաբանները, ուրկէ եկած եմ նաեւ ես: Այսօր դպրեվանքը այս սրբազան համերգով ինքզինք եղաւ, ինքզինք արտայայտեց»: Իր խօսքը եզրափակելով վեհափառ հայրապետը մաղթեց, որ անսասան պահէ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, համայն Հայ ժողովուրդը` ի Հայաստան, յԱրցախ, ի սփիւռս աշխարհի եւ մանաւանդ սուրիահայ մեր ժողովուրդը, որ այս օրերուն դժուար պայմաններէ կ՛անցնի:


