Նշմար. Ակնկալիքներու Դուռ Բացող Պատմական Ընտրութիւն Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

13-03-2013-ի երեկոյեան Սիսթինեան տաճարէն սպիտակ ծուխ բարձրացաւ, սակայն տեղի ունեցածը Հռոմի պապի «սովորական» ընտրութիւն մը չեղաւ, այլ` պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն մը: Արդարեւ, 1415-ին Կրեկորիոս ԺԲ-ի հրաժարականէն ետք առաջին անգամ ըլլալով` Պենետիկտոս ԺԶ. պապը հրաժարած էր: Այդ պատմական հրաժարականէն ետք, Վատիկանի մէջ գումարուող փակարանը Սուրիոյ մէջ ծնած Ս. Կրեկորիոս Գ.ի ընտրութենէն 1272 տարի ետք ոչ եւրոպացի մը` արժանթինցի Խորխէ Պերկոլիօ կարտինալը ընտրեց Հռոմի եպիսկոպոսապետ:

Անոր նկատմամբ մեծ համակրանքի աղբիւրը, սակայն, պատմութեան մէջ առաջին լատին ամերիկացի, Յիսուսեան միաբանութենէն առաջինը եւ Ֆրանչիսկոս անունը կրող առաջին պապը ըլլալուն մէջ չէ, այլ` անոր նկարագիրի գիծերուն մէջ` համեստութիւնը, ժուժկալութիւնն ու աղքատներու եւ հիւանդներու նկատմամբ կարեկցանքը: Իտալական «Լա Ռեսփուպլիքա» օրաթերթը իրաւամբ անոր ընտրութիւնը «Վատիկանի մէջ յեղափոխութիւն» կը կոչէ: Վատիկանի անմիջական շրջանակէն դուրս եղող եւ իր համեստ կեանքով ծանօթ այս կղերականը վստահաբար Վատիկանի բարձրաստիճան ղեկավարները, դիւանակալութեան եւ պատշիրի պատասխանատուները անակնկալ կացութիւններու պիտի մատնէ:

Ֆրանչիսկոս Ա.ի ընտրութիւնը համամարդկային մակարդակի վրայ յառաջացուցած յոյսին ու սպասումին կողքին նաեւ հայ ժողովուրդին մօտ ակնկալութիւններ կը ստեղծէ: Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Պերկոլիօ լաւ յարաբերութիւններ ունէր տեղւոյն հայ համայնքին հետ եւ 2006-ին Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր առանց նախապայմաններու ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսպիսի անձնաւորութեան մը գահ բարձրանալը կու գայ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանի մը նշանակման քայլին յաւելեալ իմաստ շնորհելու եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեղւոյն դեսպանատան կարեւորութիւնն ու դիրքը նկատառելի կերպով բարձրացնելու:

Հայ ժողովուրդը պէտք չէ բաւարարուի կարտինալ Պերկոլիոյի կողմէ 7 տարի առաջ կատարուած այդ յայտարարութեամբ, այլ` կրօնական, քաղաքական եւ պետական մակարդակներու վրայ աշխատանք տանի, որպէսզի ան դարձեալ, սակայն այս անգամ իբրեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ եւ Վատիկանի պետութեան ղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ յայտարարութիւն մը կատարէ: Այդպիսի զարգացում մը նկատառելի ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES