Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ ապահովական ապակայունութիւնը կրնայ խանգարել Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը: Ան վերահաստատեց իր մտահոգութիւնը Լիբանանի ապահովական կացութեան նկատմամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը տեղակայելու Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջանին վրայ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական բաւարար հովանաւորութիւն եւ երաշխիք չէ ստացած Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին վրայ քայլերու դիմելու:
ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն ներկայացուցիչ Անթոնիօ Կութիերես երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան յաւելեալ օժանդակութեան եւ միջազգային գործակցութեան կարիք ունի` բաժնելու համար Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն բեռը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի մօտիկ աղբիւրներէ, յայտնեց, որ համաձայն չէ, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի պաշտօնազրկուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Միշել Հըլու յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապը երեսփոխանական ընտրութիւններէն անդին լուրջ հարցի վերածուած է եւ ըստ երեւոյթին անոր լուծումը կը սպասէ արտաքին հովանաւորութեան:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ, յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը լիբանանցիները կը մղէ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ երկու տարիէ ի վեր Սուրիա կ՛ենթարկուի դաւադրութիւններու, սակայն անիկա կառչած կը մնայ իր գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումէն նեղացող կողմերը գետնի վրայ մագլցումներ կը յառաջացնեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կոչ կ՛ուղղեն երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, որպէսզի երկիրը անիշխանութեան չմատնուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ նախաձեռնութեան մը կը սպասեն` քննարկելու համար խառն ընտրական օրինագիծը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ երեսփոխանական ընտրական օրէնքի մը մասին համախոհութեան մը շուրջ համաձայնութիւնը հաւանական նկատեց:
ՊԱՊ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ նախանցեալ երեկոյեան հաստատուած աւազեայ պարկերով պատնէշներու դրութիւնը վերանորոգուած է:
ԵՐԷԿ Տար Ֆաթուայի մէջ իսլամ կրօնաւորներ ընդունելու ընթացքին հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտարարեց, որ այսօրուընէ սկսեալ Տար Ֆաթուան պիտի յանձնէ իսլամ կրօնաւորներու տնօրինման` նշելով միաժամանակ, որ մինչեւ իր պաշտօնավարման շրջանի աւարտը ծառայ պիտի մնայ կրօնաւորներուն:

