Ասիր Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Ընդառաջել Իր Պահանջներուն

Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ նախագահեց մզկիթին մէջ կատարուած ուրբաթ օրուան նամազին, ապա ներկայութեամբ մզկիթին մէջ գտնուող հոծ բազմութեան, նստացոյց մը կազմակերպեց մզկիթի շրջափակին մէջ եւ յայտարարեց, որ այս ուրբաթ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին շրջափակումին վերջ տալու օրն է:

Նստացոյցին ընթացքին շէյխ Ասիր դարձեալ ցեխարձակումներ կատարեց Հըզպալլայի ու Իրանի հասցէին եւ աւելցուց, որ եթէ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ դաւադրութիւններ չկատարուէին, ապա լիբանանեան բանակը Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը չէր շրջափակեր:

Շէյխ Ասիր Լիբանանի կառավարութեան կոչ ուղղեց ընդառաջելու իր պահանջներուն:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը, որ արդէն իսկ կը գտնուի Ապրայի մուտքին եւ Սայտայի տարածքին, երէկ խստացուց իր որդեգրած ապահովական միջոցառումները:

Share this Article
CATEGORIES