Քահհալէի Մէջ Արկած Մը Կը Պատճառէ 9 Զոհ Եւ Կը Վիրաւորէ 35 Ուրիշներ
Պէյրութ-Շթորա ճամբուն վրայ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 5:00-ին պատահեցաւ արկած մը, երբ սուրիացի քաղաքացիներ փոխադրող «Փուլման» պաս մը բախեցաւ ճամբուն պատին եւ շրջեցաւ:
Քահհալէի մօտ պատահած արկածը պատճառեց 9 զոհ եւ 35 վիրաւոր:
Լիբանանեան կարմիր խաչը փութաց դէպքին վայրը եւ անմիջապէս հասաւ արկածի ենթարկուած վիրաւորներուն օգնութեան, ինչպէս նաեւ զոհերը փոխադրեց Պաապտայի պետական հիւանդանոց:
CATEGORIES Լիբանանեան

