Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Իր Նստացոյցը Կատարեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Դիմաց
25 օրերէ ի վեր բաց գործադուլի եւ դասադուլի մէջ եղող պետական պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները երէկ շարունակեցին իրենց նոյն ընթացքը եւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին որոշումով երէկ իրենց նստացոյցը կատարեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին դիմաց:
Նստացոյցին պարագային արձանագրուած երէկուան նորութիւնը այն էր, որ ցոյցին միացան քաղաքացիական օդանաւորդութեան պաշտօնեաները, որոնց անունով Իմատ Մըքտատ յայտնեց, որ իրենք եւս պիտի կասեցնեն իրենց աշխատանքը եւ պիտի միանան բաց գործադուլին, եթէ յառաջիկայ 21 մարտին կառավարութիւնը պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան չփոխանցէ:
Նստացոյցին ընթացքին Պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար ըսաւ. «Ո՛վ որ յանդգնած է պետական կառոյցներէն գողութիւն կատարել, արգելք կը հանդիսանայ, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորուին»:

