Միքաթի Ընդունեց Նախարար Սապունճեանը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները կատարելու հարցը ինք անկարելի չի գտներ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ Միքաթիի հետ երկրին դրամական իրավիճակը քննարկելէ ետք մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Կէսօրէ ետք վարչապետ Միքաթի նախագահեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու թղթածրարին յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին:


