Նախագահ Սլէյման Այսօր Կ՛ուղղուի Նիկերիա

Նախագահ Սլէյման` Փղոսկրեայ ափունքի նախագահին կողմէ պարգեւատրուելէ ետք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր պիտի ուղղուի Նիկերիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Նիկերիոյ նախագահին եւ պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Լակոսի մէջ նախագահ Սլէյմանի ունենալիք հանդիպումներով պիտի աւարտի անոր ափրիկեան շրջապտոյտը:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը երէկ շարունակեց Փղոսկրեայ ափունք իր կատարած այցելութիւնը:

Փղոսկրեայ ափունքի մէջ ի պատիւ իրեն սարքուած ընթրիքին ընթացքին եւ Փղոսկրեայ ափունքի նախագահ Հասան Ուաթարայի կողմէ պարգեւատրուելէ ետք, նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ վերահաստատեց, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքին զօրակցութեամբ պիտի շարունակէ աշխատիլ` երաշխաւորելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը, որպէսզի պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը բանեցնէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Փղոսկրեայ ափունքին, որպէսզի անիկա իրագործէ իր բոլոր նպատակները:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ Լիբանանն ու Փղոսկրեայ ափունքը պիտի շարունակեն գործակցիլ շրջանային եւ միջազգային առումով` դէմ դնելու համար ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան վտանգներուն:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնն ու չափաւորականութիւնը:

Իր կարգին, Ուաթարա շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Փղոսկրեայ ափունքի միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան` բարձր գնահատելով Փղոսկրեայ ափունքի մէջ գտնուող լիբանանեան գաղութին դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր աշխուժ մասնակցութիւնը երկրին տնտեսական բարգաւաճումին:

Ուաթարա հաստատեց, որ լիբանանցիները գլխաւոր ազդակ են երկրին հարստութեան, յատկապէս ներդրումներու իմաստով:

Ուաթարա նաեւ ընդգծեց, որ Փղոսկրեայ ափունքը միջազգային եւ շրջանային առումով պիտի զօրակցի Լիբանանին:

 

Share this Article
CATEGORIES