Այն Թինէի Մէջ Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի ըսաւ, որ Պըրրիի հետ քննարկումները ընթացած են դրական եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ:

Պատասխանելով Շատի Մաուլաուիի դէմ Զինուորական ատեանին ամբաստանութեան մասին հարցումի մը, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Շատի Մաուլաուի նախապէս Զինուորական ատեանին արտօնութեամբ բանտէն դուրս եկաւ, իսկ եթէ Զինուորական ատեանը որոշէ զայն ամբաստանել եւ արգելափակել, ապա բոլորս կ՛ենթարկուինք դատական իշխանութեան որոշումներուն:

Միւս կողմէ, Մաուլաուի մերժեց իրեն դէմ արձակուած ամբաստանութիւնները` շեշտելով, որ անոնք անհիմն են, եւ ինք Զինուորական ատեանին վրայ վստահութիւն չունի:

Լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք շատ մտահոգ է Լիբանանի վրայ սուրիական տագնապին ունենալիք հետեւանքներէն` ընդգծելով, որ պէտք է ամրապնդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը` ըստ երկրին սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համախոհութեան համաձայն:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ նախանցեալ օր հրապարակուած այն հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուած է Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջաններուն միջեւ զինեալ բախումներուն մասին. Միքաթի նաեւ գնահատեց ՄԱԿ-ի կոչը` պահպանելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES