Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Քահրապա` 90-49. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ` 73-26

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն շարքին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը` 90-49 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քահրապան: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 12-19, 29-6, 24-14 եւ 25-11:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (24), ապա` Հայկ Խաչերեան (15):

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ մրցումը, որ կ՛իյնայ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Մրցումը, որ ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ վերջինը` նախքան ֆայնըլ ֆորի մրցումները սկսիլը, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 73-26 արդիւնքով (12-7, 21-3, 21,7 եւ 19-9):

 

 

Share this Article
CATEGORIES