Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ-Սեւան Ակումբին. Ճատրակի Մրցաշարք` Կիրակի, 17 Մարտին
Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, Անդրանիկ-Սեւան ակումբը կը կազմակերպէ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 17 մարտին, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին մէջ` Հըրշ Թապեթ:
Այս մրցաշարքը, որ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, միշտ տեղի կ՛ունենայ միայն հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ: Տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներ:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել այս մրցաշարքին, պարտին կապ հաստատել կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատու Րաֆֆի Ճիկերեանի հետ` հեռաձայնելով 03-704925 թիւին:
CATEGORIES Մարզական

