Կարեւոր Իրագործում Մը` ՀՄԸՄ-ի Ընտանիքին Համար. Համբիկ Միսաքեան Ասիոյ Ֆութպոլի Մրցումներուն Հսկելու Վկայագիր Ստացաւ
Նախորդ 6-11 յունուար 2013-ին Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ ֆութպոլի մրցումներ հսկելու յատուկ դասընթացքներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին այս շրջանին մաս կազմող տարբեր երկիրներու ֆութպոլի ֆետերասիոններու անդամներ կամ ուրիշներ:
Լիբանանէն շարք մը մասնակցողներու կարգին էր նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեան:
Բնականաբար, այս դասընթացքին բոլոր հետեւողներն ալ չյաջողեցան:
ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար նոր էջ մը եւս բացուեցաւ` նկատի ունենալով, որ այդ դասընթացքներուն յաջողելով ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար կարեւոր իրագործում մը կատարած եղաւ Համբիկ Միսաքեան` Ասիոյ ֆութպոլի մրցումներուն հսկելու վկայագիրը ստանալով:
Միսաքեանի կողմէ վկայագիրի ստանձնումը տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ` նկատի ունենալով, որ Ասիոյ ֆետերասիոնը այդ վկայագիրը շաբաթասկիզբին ուղարկեց Լիբանանի ֆետերասիոնին:
«Ազդակ» կը շնորհաւորէ Համբիկ Միսաքեանի այս կարեւոր իրագործումը եւ անոր կը մաղթէ նորանոր յաջողութիւններ:


