50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1963)

Հետաքրքրական

Շրջուն Մատենադարան

Դանիական կառավարութիւնը ժողովուրդին ընթերցասիրութեան գոհացում տալու համար «Ֆալք» անուն նաւը վերածած է շրջուն մատենադարանի, որ ձմրան ամիսներուն կ՛այցելէ երկրին հեռաւոր ու մեկուսացած կղզիները եւ ժողովուրդին գիրք կը բաժնէ կարդալու համար: Այս շրջուն մատենադարանը ձմրան ամիսներուն յաջորդաբար կ՛այցելէ` Պիրքհոլհ, Իյիորթ, Սքաֆօ եւ Քորսավն կղզիները, որոնք խիստ ցուրտին ու սառերուն պատճառով չեն կրնար հաղորդակցիլ երկրի մնացեալ մասին հետ: Մատենադարան նաւը, այս չորս կղզիներու բնակիչներուն գիրքերը բաժնելէ ետք, ատեն մը վերջ կը վերադառնայ եւ բաժնած գիրքերը առնելով` նոր գիրքեր կու տայ կարդալու: Ժողովուրդը կը լեցուի նաւը եւ գիրքերը առնելէ ետք կը զրուցէ անձնակազմին հետ ու «խապրիկներ» կ՛ուզէ հայրենիքէն, այսինքն` Դանիայէն, որ թէեւ շատ հեռու չի գտնուիր, այսուհանդերձ, ձմրան ընթացքին շատ հազուադէպօրէն կրնան այցի երթալ, նախ ցանցառ հաղորդակցութեան եւ ապա` իրենց գրաւումներուն պատճառով:

Անգլիացիք Եւ Պանանը

Ասկէ երեք հարիւր տարի առաջ, երբ պանանի առաջին ողկոյզը Անգլիա տարուած եւ վաճառատան մը ցուցափեղկին մէջ ցուցադրուած է, անգլիացիք զարմացած սկսած են իրենց աչքերը շփել` ի տես այս «դեղնագոյն եւ տարօրինակ մատերուն»: Այսօր անգլիացիք շաբաթը 50 միլիոն պանան կը սպառեն:

Պուպրիկներու Թանգարան

Լեհաստանի մէջ պիտի հիմնուի խաղալիքներու միջազգային թանգարան մը, ուր 30 երկիրներէ նախ պիտի կեդրոնացուին զանազան տեսակի պուպրիկներ, որոնք այս թանգարանին կորիզը պիտի ըլլան:

Թանգարանը պիտի հիմնուի Քաթովիչէ քաղաքին մէջ:

Ասիական Կրիփի Համաճարակ

Ասիական կրիփի մեծ համաճարակ մը ծայր տուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր միայն մէկ շաբթուան ընթացքին 100 հազար հոգի հիւանդացած է: Ասիական կրիփը մահացու է եւ արդէն բաւական զոհեր խլած է: Եւ համաճարակը դեռ շատ տարածուած չէ, որովհետեւ թխսումի շրջանին մէջ կը գտնուի:

Վախ կայ, որ համաճարակը Եւրոպայի մէջ ալ տարածուի, որովհետեւ առաջքը առնելու միջոց չկայ:

Երգիծանքը
Կարմիր
Դրախտէն Ներս

Սոֆիայի մէջ, վերջին ցուրտ օրերուն, պուլկար քաղաքացի մը, ձիւնով ծածկուած փողոցներէն անցած միջոցին, ատենը հեղ մը մրմռալով կ՛ըսէ. «Անտանելի է, անտանելի»:

Յանկարծ երկու գաղտնի ոստիկաններ կը մօտենան ու կ՛ըսեն. «Ձերբակալուած ես»:

– Ինչո՞ւ,- կը թոթովէ մարդը:- Ի՞նչ ըրի:

– Վարչաձեւին դէմ արտայայտուեցար,- կը պատասխանեն ոստիկանները:

– Վարչաձեւի՞ն: Ես ցուրտին համար կ՛ըսէի, թէ անտանելի է, կը յարէ ան:

– Սուտ կը խօսիս: Ցուրտը այնքան ալ անտանելի չէ դեռ,- կը պատասխանեն գաղտնի ոստիկանները:

                                          ***

Խորհրդային վարչապետ Խրուշչեւի վերջերս Արեւելեան Պերլին այցելութեան ընթացքին Արեւելեան Գերմանիոյ ղեկավար Վալթեր Ուլպրիխթ կը հարցնէ անոր.

– Խորհրդային Միութեան մէջ, մօտաւորապէս որքա՞ն է վարչաձեւի թշնամիներուն թիւը:

– Չեմ կարծեր, որ 16 կամ 17 միլիոնէն աւելի ըլլայ,- կը պատասխանէ Խրուշչեւ եւ իր կարգին կը հարցնէ.

– Իսկ Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ որքա՞ն է անոնց մօտաւոր թիւը:

– Կը կարծեմ, թէ նո՛յնքան,- կը պատասխանէ ղեկավարը Արեւելեան Գերմանիոյ, որուն բնակիչներուն թիւը 17 միլիոն է:

                                        ***

Չեխոսլովաքիոյ պատկերասփիւռի կայանը պաշտօնական ունկնդիրներուն կը ներկայացնէ երկրագործ մը, որպէսզի անոնց խօսի համագործակցական ագարակներու կեանքին մասին: Երկրագործը, սակայն, պաշտօնեային կողմէ եղած հարցումներուն չի պատասխաներ եւ մէկ մը բարձրախօսին ու մէկ մըն ալ մեքենաներուն կը նայի:

– Շո՛ւտ ըրէ, խօսէ՛, բան մը ըսէ,- կը գոչէ պաշտօնեան:- Ամբողջ Փրական քեզ մտիկ կ՛ընէ:

Երկրագործը կրկին լուռ կը մնայ:

– Պապանձեցա՞ր: Շո՛ւտ ըրէ: Ամբողջ Չեխոսլովաքիան քեզի կը սպասէ,- կ՛ըսէ պաշտօնեան ջղայնացած:

Երկրագործը անխօս կը սպասէ:

– Պիտի խօսի՞ս,- կ՛ըսէ ի վերջոյ:- Ամբողջ աշխարհ քու խօսքիդ կը սպասէ:

– Ամբողջ աշխա՞րհ:

– Անշուշտ:

– Օգնութիւն, օգնութիւն, կը պոռայ երկրագործը:

 

Share this Article
CATEGORIES