Արհեստագիտութեան Ակնոցով. Կարելի Է «Ճռուողել» Նաեւ Անդենականի Մէջ…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐԴԻԿ ԱՅՆՔԱ՛Ն ԳԵՐԻՆ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ԹՈՒԻԹԸՐԻ ԵՒ ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ, ՈՐ ԱՅԺՄ ՆՈՐ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԱՌԻԹ ՏԱԼ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՅԵՏՄԱՀՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՅՍ ՆՈՐ «ՀՐԱՇԱԼԻՔԸ», ՈՐ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ԼԻՎԶԱՆ: ԹԵՐԵՒՍ ԿԱՐԵԼԻ Է ՄՏԱԾԵԼ, ԹԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԱՅՍ ՄԷԿԸ ՊԻՏԻ ՉՅԱՋՈՂԻ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՄԱՐԴԻԿ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՉԵՆ ՓԱՓԱՔԻՐ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՐԲ ՊԻՏԻ ՆՆՋԵՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆ… ՍԱԿԱՅՆ, Ո՛Վ ԳԻՏԷ` ԻՆՉ ԿՐՆԱՅ ՊԱՏԱՀԻԼ…

Կարգ մը գնահատումներու համաձայն, Դիմատետրի շուրջ 30 միլիոն հասցէներ կը պատկանին մեռած անձերու: Թուիթըրի անհամար «ճռուողիւններ» յանկարծ կանգ կ՛առնեն կամ վերջ կը գտնեն` բարեկամներու եւ սիրելիներու ուղղուած վերջին յարգանքի դիպուկ խօսքերով: Սակայն, հապա՞ եթէ երբեւիցէ խաղաղութիւն չտիրէ թուային (տիճիթըլ) աշխարհին մէջ, հապա՞ եթէ սիրտդ դադրի բաբախելէ եւ շարունակես «ճռուողել»:

 

Այս լոզունգով ինքզինք կը ծանուցէ ԼիվզԱն սպասարկութիւնը, որուն նպատակն է նօսրացնել սահմանները կեանքի եւ մահուան միջեւ: Անիկա արդէն ներգրաւած է շուրջ 7000 կամաւորներ` նախքան իր պաշտօնական բացումը: ԼիվզԱն թուային մարդամեքենայ մըն է, որ կարողութիւնը ունի վերլուծելու զինք գործածող անձին նաւարկումները համացանցի վրայ, ճանչնալու անոր սիրած բաները եւ լեզուն: Այսպէս, անիկա կը դառնայ մեր երկուորեակ զոյգը համացանցի վրայ, ի վերջոյ` մեզմէ շատ աւելի երկար ապրելով:

Կայքը արդէն մտավախութիւններ ստեղծած է. համացանցի վրայ ինսթակրամ սպասարկութեան միջոցով բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու համար վերջալոյսերու կամ նախաճաշերու յետմահու լուսանկարներ զետեղելը եւ անոնց ստեղծած գումակային մարտահրաւէրները վիճարկութեան նիւթ են: Անիկա արդէն կը նկարագրուի իբրեւ «ախտագին», որովհետեւ կը փորձէ կեանքի կոչել մեռելները եւ հաւանօրէն կը խռովէ սգակիրներու զգացումները: Սակայն անոր նպատակը երբեք այս չէ:

Տէյվ Պետվուտ կը ստեղծագործէ Լոնտոնի մէջ հաստատուած Լին Մին Ֆայթինկ Մըշին ծանուցումի ընկերութեան մէջ, որուն մասնագիտութիւնը համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող միջոցներն են: «Կը մտածէի տեղեկութիւններու այն հսկայական քանակութեան մասին, որ կը տեղադրենք մեր յաճախորդներուն համար եւ հարց կու տայի, թէ ո՛ւր վերջ պիտի գտնէր ասիկա,- կ՛ըսէ Պետվուտ:- Արդեօք երբեւիցէ պիտի հասնի՞նք հոն, ուր Թուիթըրի վրայ «Ճռուողիւն» մը պիտի շարունակուի անկախ մեզմէ, սակայն` իբրեւ մերը»:

Այս գաղափարը ան արձանագրած է եւ պահած` իր ափի համակարգիչին մէջ, մինչեւ որ օր մը լսած է Չարլի Պրուքըրի «Պլեք միրըր» ժապաւէններու շարքին մէկ դրուագին մասին, որուն մէջ կին մը թուային միջոցով կը հաղորդակցի իր մեռած բարեկամին հետ: Կայծ մը կը ծագի Պետվուտի ուղեղին մէջ եւ ան կը վերակենդանացնէ իր ծրագիրը: Այժմ ան կը գործակցի Քուին Մերի համալսարանին մէջ համակարգչային ծրագիրներ պատրաստող մասնագէտներու հետ, որպէսզի իրականացնէ զայն:

Սկիզբը Պետվուտ կ՛երեւակայէր, օրինակ, առեւտրական ընկերութիւններու առիթ տալ, որ շղթայազերծեն յաճախորդներու սպասարկող ինքնագործ ծրագիրներ, որոնք պիտի կատարէին տուեալ ընկերութիւններուն խօսնակի դերը: Աւելի ուշ, մասամբ ինքզինք ծանուցելու ցանկութեամբ, նաեւ` թուային աշխարհի մէջ յետմահու կեանքի աւելի լայն վիճարկութեամբ համակուած, ան շրջած է իր կիզակէտը եւ կեդրոնացած է մահուան «ճռուողիւններու» վրայ: Սակայն ԼիվզԱն, որ պիտի սկսի գործել այս տարի, յաջողելու ի՞նչ հաւանականութիւն ունի:

Պետֆորտ համաձայն է, թէ այնպիսի գործիք մը, որ կրնայ սահուն կերպով խօսիլ «մեր փոխարէն», ցարդ կը պատկանի «գիտաերեւակայական պատմութեան» աշխարհին: «Արուեստական խելացութիւնը համակարգչային գիտութեան անգտանելի Ս. Սկիհն է: Սակայն, նախ կը ցանկանք ստեղծել գործնական միջոց մը` մեզի, ապրողներուս համար: Անիկա պիտի դառնայ մեր երկուորեակ զոյգը, համացանցի վրայ պիտի տեղադրէ այնպիսի բաներ, որոնք կը գտնուին մեր հետաքրքրութիւններուն ծիրին մէջ, որպէսզի կարենանք մեր ժամանակը աւելի իմաստալից ձեւով գործածել եւ յատկացնել այլ նպատակներու»:

Մինչ այդ ԼիվզԱն կրնայ փորձութեան մատնել Վուտի Ալընը, որպէսզի հաստատէ Թուիթըրի հասցէ մը: Ամերիկացի այս ջղագար բեմադրիչը մահուան մասին արտայայտուած է` ըսելով, թէ` «չի փափաքիր ներկայ ըլլալ, երբ մահը հասնի», եւ թէ` «կը փափաքի անմահանալ` «չմեռնելով»»: Ինչ կը վերաբերի յետմահու սողոսկող կեանք մը ստեղծելու, Պետֆորտ հարց կու տայ. «Արդեօք ասիկա աւելի՞ տարօրինակ է, քան ինչ որ կը խոստանան կրօնները»:

 

Share this Article
CATEGORIES