Արհեստագիտութեան Ակնոցով. Ընտանեկան Շառաւիղ Յայտնաբերելու Առեւտուր

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ոմանք իրենց ծինական ժառանգութեան մէջ կը փնտռեն վայքինկներու հետքեր, սակայն բրիտանական ծագումով իւրաքանչիւր անձ արդէն սերած է վայքինկներէն, ինչպէս կ՛ըսեն ուսումնասիրողներ:

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԾԻՆԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԲՋԻՋՆԵՐՈՎ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՇԱՌԱՒԻՂ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՂ ԿԱՐԳ ՄԸ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՄԱԶՕՐ ԵՆ «ԾԻՆԱԿԱՆ ԱՍՏՂԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ»: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՎԷՃԸ ԿԱՄ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ.

Կարգ մը քննութիւններ մարդոց ընտանեկան շառաւիղը կը տանին մինչեւ վայքինկներ, զանգուածային գաղթով տեղափոխուած խմբաւորումներ եւ երբեմն նոյնիսկ` մինչեւ Կղէոպատրա կամ Նափոլէոն:

Սակայն ուսումնասիրողներ կ՛ըսեն, թէ ծինական ժառանգութեան բջիջներու քննութիւններ ճշգրիտ տեղեկութիւն չեն կրնար փոխանցել ընտանեկան շառաւիղի վերաբերեալ:

Իսկ նման քննութիւններ կատարող ընկերութիւններ կը շեշտեն, թէ անգին սպասարկութիւն կը մատուցեն:

Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ընկերութիւններ կը խոստանան անձի մը ծինական անցեալին պատկերը գծել` քննելով անոր ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները: Անոնք իւրաքանչիւր քննութեան համար կը գանձեն շուրջ 200 փաունտ:

Սակայն Սենս ըպաութ սայընս անունով բարեսիրական հաստատութիւնը, որ կը քաջալերէ գիտական զարգացումներու նկատմամբ ապացոյցներու վրայ հիմնուած ընկալումը, հանրութեան համար հրատարակած է ուղեցոյց մը, որուն մէջ Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընէն երկու մասնագէտներ` Տէյվիտ Պոլտինկ եւ Մարք Թոմըս կը զգուշացնեն հանրութիւնը: Անոնք կ՛ըսեն, թէ նման պատմութիւններ այնքան ընդհանուր են, որ «անհատական մակարդակի վրայ անիմաստ են կամ ալ` պարզապէս տկար ապացոյցներու վրայ հիմնուած ենթադրութիւններ են»:

Գիտնականները կ՛ըսեն, թէ անձի մը ծինական ժառանգութեան պատկերը ճշգրիտ տեղեկութիւն չի կրնար փոխանցել անոր ընտանեկան շառաւիղին վերաբերեալ:

«Ծինական ժառանգութեան քննութիւնները կ՛օգտագործեն այնպիսի միջոցներ, որոնք արդէն ծանօթ են այլ բնագաւառներու մէջ, ինչպէս` աստղաբաշխութիւն, ուր ընդհանուր գիտութիւն մը կը մեկնաբանուի շատ աւելի անհատական մակարդակի վրայ, քան ինչ որ է իրականութեան մէջ», կը գրեն գիտնականները:

Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնեն այս երեւոյթին քննադատութենէ զերծ ներկայացումը` լրատուամիջոցներու կողմէ: Պոլտինկ կ՛ըսէ, թէ հռչակաւոր անձերու շառաւիղը պատմական դէմքերու առնչելը յաճախ արդիւնք է ծինական ժառանգութեան քննութիւններ սպասարկող ընկերութիւններու ծանուցումի արշաւին:

Թոմըսի համաձայն, «անհեթեթ» է այն գաղափարը, թէ կարելի է մեր շառաւիղը գտնել` ուղղակի մեր ծիներուն ճամբով:

Գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ ծինական ժառանգութեան բջիջներու քննութիւններ շատ բան չեն յայտնաբերեր անձի մը նախահայրերուն վերաբերեալ:

«Ասիկա առեւտուր է, իսկ վաճառուած ապրանքը` ծինական աստղաբաշխութիւն», կ՛աւելցնէ ան:

Տի. Էն. Էյ. Ուըրտուայտ կրուփի տնօրէն Տէյվիտ Նիքըլսըն «Պի. Պի. Սի.»-ի հարցումներուն պատասխանելով` խնդրած է նոյն ձեւով չդատել բոլոր ընկերութիւնները: Ան կը վիճի, թէ կարգ մը սպասարկութիւններ, ինչպէս` իր գլխաւորած ընկերութիւնը կ՛ապահովեն վաւերական եւ օրինական սպասարկութիւններ:

«Քննութիւններու զարգացած միջոցներով կրնանք ի յայտ բերել ժառանգական տուեալներ, հիւսիսային Եւրոպայի, արեւմտեան Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ երբեմն` աւելի մասնայատուկ վայրերու հետ կապուած», կ՛ըսէ ան:

«Ծինական ժառանգութեան բջիջները չեն կրնար քեզի ըսել, թէ քու նախահայրերդ վայքինկ էին, այլ կրնան ըսել, թէ անոնք եկած են աշխարհի այն մասէն, ուր ընդհանրապէս հաստատուած են վայքինկները` պատմական ապացոյցներով: Կարեւոր է կապ հաստատել նման քննութիւններ կատարող ընկերութիւններու հետ` իրապաշտ ակնկալութիւններ ունենալու համար», կ՛աւելցնէ ան:

Միւս կողմէ` Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընի դասախօս Սթիւ Ճոնզ, որ հեղինակ է ծինաբանութեան եւ եղափոխութեան հիմնական նիւթեր պարունակող գիրքերու, կ՛ըսէ. «Պատմութեան մէջ երկար ժամանակի վրայ ետ երթալով` երկու ծնողներէ, երկու մեծ հայրերէ եւ երկու մեծ մայրերէ անդին քանի մը այլ նախահայրեր գտնելէ ետք ամէն ոք ինքզինք կը գտնէ անելի առջեւ եւ բոլորս կ՛ունենանք նոյն նախահայրերը»:

«Հետեւաբար, գրեթէ իւրաքանչիւր բրիտանացի սերած է վայքինկներու հորդաներէն, հռոմէական լեգէոններէն, ափրիկեցի գաղթականներէն, հնդիկ պրահմիններէն կամ որեւէ այլ խմբաւորումէ, որ կարելի է երեւակայել»:

 

Share this Article
CATEGORIES